Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/97

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայ խմբագիր։

Տպաբանային ծանր աշխատանքէ ետք Թօփալեան պէտք է նկարէր, բանաստեղծութիւններ գրէր, իր նկարներուն եւ բանաստեղծութիւններուն ճակատադիրովը զբաղէր, կապ պահէր ֆրանսացի արուեստագէտներու, բանաստեղծներու հետէ գործ հայթայթէր տպարանին...

Աու գային հայ գրողներ, հայ կուակցութիւնները տպագրելու գործ կը բերէին, թերթ ու գիրք։

Թեր թերը կը տպուէին, գիրք երր կը տպուէին, իսկ փոխարժէքը... Աստուծոյ ձգուած գործ էր: Հայ գրողը ե^րբ դրամ ունեցած է։ Թող Թօփալեանն ալ հայրենասիրաբար տպէ։

Տպեց ու մնաց աղքատ։

Առիթով մը Հայաստան եկաւ Թօփալեան։ Հայրենիքը կազմակերպեց Իր գործերուն ցուցահանդէսը նկարիչներու տան մէջ։

Մեծ բազմութիւն մը եկաւ ծանօթանալու փարիզահայ նկարիչին գործերուն։ Տեսան անոր ազատաբաղձ ձիերը։ Արար ատեան դաշտէն փոխ առնուած գոյները։

Ամէն կողմէ կը շնորհաւորէին Ոիլզանդր։

Մամուլր անդրադարձաւ։

Հասանք ցուցահանդէսի փակումի օրուան։ Մէկ քանի հարիւր հոգի հաւաքուած են նկարիչներու տան ցուցասրահին մէջ։ Ամպիոնի վրայ են Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահր, հոն են շատ նկարիչներ, բանաստեղծներ։ Վահագն Ղաւթեանն ու Աարօ Աարգարեանր: Ոոլորր չես կրնար թուել։

Օր ուան բեմավարն է նազուկ բանաստեղծուհի1 Մարօ Մարգարեանը։

Եր կողմէ ներբողական մը, սրտառուչ, լաւ։

ք^եմ կր հրաւիրուի Վահագն Դաւթեանը։

Պատշաճ վերլուծում։ Գնահատանքի չափաւոր խօսքեր։ Շատ եր խօսք կառնեն։ Մէկը կը խօսի բանաստեղծին մասին, միւսը կը խօսի նկարիչին մասին ու այսպէս շարունակ։

Տարօրինակ ալեկոծում մը կունենամ ես։ Ուր որ է պիտի վեր2 գտնէ յարգանքի երեկոն։

Վախվխելով ձեռք կը բարձրացնեմ ձայն կ*ուղեմ։ Մարոն կրնայ չտեսնել բարձրացած ձեռքս, ինք մեծերուն կը նայի, րայց կ՚երեւի կր նշմարէ բարձրացած ձեռքս ալ ու կիսէ.– Վերջին խօսք մրն ալ կու տանք մեր սիբեխ Թորոսին։

Աքեըեմբեմ։ եր կանգնիմ Ոիւզանդ Թօփալեանին քովիկը ու ներքին դողով մը, որ կր փոխանցուի ձայնիս, կր սկսիմՀ

- Գովեստի շռայլ ու զուսպ խօսքեր լսեցինք այսօր, մեր սիբեխ Ոիւղանդ Թօփալեանին մասին։