Էջ:Զբօսարան մանկանց.pdf/495

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

 ո՛րչափ խորհրդածութիւններ միտքս կու՛ գային այն վեց ամսուան մէջ ցաւոց անկողնոյս մէջ պառկած:Քրիստոնէական վարդապետութեան դասերն ու խրատներր որ ատենով լսած Էի,բոլոր մտքիս մէջ կը նսրոգուէին. կրօնական ունեցած զգացմունքներս արթնցան, որոնք, ափսո՜ս, պատերազմի աղմուկներուն մէջ խղդուած էին:

Շատ անգամ՝ տեղւոյն աւագերէցը ինծի ասեսութեան կու գար, և իրեն աուած մխիթարութիւններովը կը քաջալեէի ինքզինքս ։

Վերջապէսպէս գարնան օր մը կրցայ առջի անգամ՝ խուցէս դուրս ելլալ, ու գաւազանի մը կրթընած տանը քովի պարտզէզն իջայ.Միքաայէլ՝ որ ինծմէ քիչ մը աւելի տարիք ունէր, ինծի հետ եկաւ: Այն տաժանելի հիւանդութենէն վերջը անզով ու մաքուր օդը ծծելով, կարծէի թէ՝ի նոր կեանս դարձեր եմ: « ԱռողջութենԷն աւելի ին՞չ ազէկ բան կայ » , կը կանչէի երախաագէա խնդութեամ՝բ:Դեռ կարծես թէ աչքիս առջևը կու գան այն պաղալից ծառերը իրենց կարմիր ու ճերմակ ծաղկներովը ծանրացած ։Նստարանի մը վրայ երկու խնձորենիներու տակ նսաեցա, ու բնութեան վսեմ՝տեսարանին վրայզմայլծ կը նայէի, որ ինծի պէս ան ալ կարծես թէ հիւանդութենէ նոր ելած էր:Կր տեսնէի կարգաւ ծազկազարդ մարգեր, սերմանած դաչտեր ե բազմաթիւ թուփեր մատզաչ