Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/4

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՈՐՊԷՍ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Անցեալ դարու եօթանասունականներու սկզբին պատեհ առիթը ունեցայ վերածանօթանալու հայ նշանաւոր արձակագիր ու բանաստեղծ Դիվինի որդի Մկրտիչ Սարգսեանին հետ։ Այդ ծանօթացումը լայն դուռ բացաւ ինծի համար, որպէսզի լրիւ ճանչնամ գրագէտին անձն ու անոր ամբողջական գրականութիւնը։ Իմ տեսադաշտիս դիմաց հայրենի աշխարհն ու ժողովուրդը մարմնաւորող գրողն էր՝ Կարինէն մինչեւ Երեւան, իր ստեղծագործութեան մէջ ընդգրկելով ոչ միայն ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ՝ Հայրենական յաղթական պատերազմը։

Տարբեր առիթներով շարք մը յօդուածներ հրապարակեցի անոր մասին հայրենի եւ սփիւոքահայ մամուլի էջերուն մէջ։

Հիմա, որ լիիրաւ քաղաքացին դարձայ հայրենի Ազատ երկրիս, այս ցատկատախտակին՝ նախապատրաստութիւն՝ ամբողջական Հայաստանի, գիրքի վերածեցի յօդուածներս։

Համոզուած եմ, որ սարոպէին Մեծ ներկան այս գիրքին մէջ Մկրտիչ Սարգսեանի Կարինէն եւ կրկնակիօրէն՝ Ջաւախքէն թեւ առած հոգին է, որ կը ճախրէ յաւերժօրէն։

Ահա՛ ամբողջ միտք բանին։

Երեւան, 14 Տուփս 2016