Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

Մկրտիչ Սարգսեան գրականութիւն մուտք կը գործէ բանաստեղծութիւններով։ Գրել կը սկսի պատանի հասակէն։

Իր առաջին գիրքը կը հրատարակուի 1957 թուականին՝ «Երգեր», որ բանաստեղծութիւններու ժողովածու մըն է։ 1959 թուականին հրատարակուած «Գետակը» նոյնպէս բանաստեղծութիւններու գիրք է։ Այս գիրքեըը ջերմութեամբ կ'ընդունուին թէ ընթերցողներու եւ թէ գրական պաշտօնական շրջանակներուն կողմէ, երիտասարդ գրողին ապահովելով բանաստեղծի անուն։

Մկրտիչ Սարգսեանը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ բանաստեղծութիւններ գրել, որոնք յուզականութեամբ եւ արծարծած միտքերով չեն զիջիր շատ-շատերու գրածներուն, բայց այսօր, այս անունը այլեւս որպէս բանաստեղծի չի հնչեր ու այդ՝ կորուստ մը չէ մեր գրականութեան համար, քանի որ Մկրտիչ Սարգսեանը անցաւ արձակի, ու լա'ւ է, որ անցաւ, որովհետեւ իր ստորագրած պատմուածքներով ու վիպակներով եկաւ հաստատելու, թէ իր տարերքը արձակի մէջ է։

Արդարեւ 1963 թուականին հրատարակած «Կեանքը կրակի տակ» գիրքը հեղինակին մէկ անգամէն բերաւ արձակագրի համբաւ։ («Նայիրի» - ամբողջութեամբ հրատարակեցինք օրին)։ Շատերու համար անակնկալ էր Սարգսեանի արձակը, բայց ահա' երիտասարդ գրողը գարնան յորդ ջուրերուն նման մէկը միւսին ետեւէն հրատարակեց նոր պատմուածքներ ու վիպակներ, ամէն անգամուն ալ գնահատանքի խօսքեր լսելով մամուլէն եւ ընթերցողներէն։

Գնահատանքի խօսքը միայն Հայրենիքէն չէր գար։ Սփիւռքն ալ մասնակից էր այդ գործին։ Շատ թերթեր ոչ միայն ըսին իրենց խօսքը «Կեանքը կրակի տակ» գիրքին մասին, այլեւ՝ կատարեցին արտատպումներ՝ իրենց խօսքին գործն ալ միացնելու համար։ Այս գործը թարգմանուեցաւ ռուսերէնի։

Նոյն ընդունելութիւնը գտաւ «Ճակատագրով դատապարտուածները» գործը։ Այս ալ թարգմանուեցաւ ռուսերէնի։

Ինչ խօսք, որ մեր օրերուն քիչ մը ամէն տեղ արձակը աւելի ընթերցման նիւթ է, քան բանաստեղծութիւնը. եւ երբեմն արձակագրին ճանապարհը դժուարին ըլլալով մէկտեղ, ունի լայն զանգուածներուն հասնելու առաւելութիւնը։ Անշուշտ իրա'ւ արձակի մասին է խօսքը։