Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/64

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ԻԲՐԵՒ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

ՍՓԻՒՌՔԻ ՔԱՆԻ ՄԸ ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԷՏ՞ՆԵՐ ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ


Ժողովածուին մէջ համատեղած ենք (գրականագէտ Վահագն Սարգսեանին հետ) նաեւ մեր ձեռքին տակ եղած սփիւռքահայ գրողներու, գրականագէտներու շարք մը նօթեր ուղղուած սիրելի գրող Մկրտիչ Սարգսեանի գրականութեան։

Վիպագիր Մկրտիչ Սարգսեանը հաւասարապէս սիրուած էր թէ՛ Սփիւռքին, թէ Հայրենիքին մէջ։ Անոր գրականութիւնը արժեւորողները մեծ մասամբ շատերու յայտնի գրական գործիչներ են, իրենց կարգին յարգելի, որպէս խմբագիր եւ հասարակական գործիչ նաեւ։ Ո՞վ չի ճանչնար Գեղամ Սեւանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, պատմաբան ու խմբագիր Երուանդ Հ. Քասունին։ Առաւել քիչ ծանօթ է գուցէ Գուտցի Պ. Միքայէլեանը՝ Հալէպի ծնունդ, բարձրագույն ուսումի տէր, պատմուածքագիր, որ միջոց մը Պէյրութ փոխադրուելէ ետք, անցաւ Ֆիլատելֆիա ու շարունակեց արձակագիրի իր գործը՝ գրաւոր ելոյթներ ունենալով նաեւ ագգային-հասարակական հարցերու շուրջ։ Մասնակիցներէն ինչ կը վերաբերի Նշան Խոշաֆեանին, դասընկերը գրող, գրականագէտ, խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանին, առաջին շրջանաւարտներէն մէկը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, գրագէտ կոչուելու ձիրքը ունեցող մէկը ըլլալով, մնաց արուեստագէտ լուսանկարիչ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Եթէ երբեմն գրեց, այդ՝ Սիմոնեանին խնդրանքով եղաւ։ Սիմոնեանը նկատեց անոր անուրանալի շնորքը։ Յակոբ Օրմանճեանի անունը կու գայ Պուլկարիայէն, սոցիալ-դեմոկրատ մը, որ այդ երկրին մէջ ճանչցուած է որպէս մայրենի լեզուի ուսուցիչ ու խմբագիր եւ յայտնօրէն որպէս թարգմանիչ՝ հայ գրականութիւնը պուլկար հասարակութեան ներկայացնող, որ յաջողած է թարգմանել Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւրը», հասնելով Մկրտիչ Սարգսեանի եւ այլ հայրենի գրողներու գործերուն։

Ահա՛ ամէնը՝ ընթերցոդին ի տրիտուր։

Թ. Թ.
Երեւան, 2 Յուլիս 2016