Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

հպարտանքով է որ կ'ուզենք գիրքը ներկայացնել ընթերցող հասարակութեան։

Առաջին իսկ առիթով ըսենք, որ սովորական գիրք մը չէ Մկրտիչ Սարգսեանի Կեանքը Կրակի Տակ հատորը։

Արտասովոր է սովետահայ (դուք ըսէք՝ սովետական) իր կեանքը ներկայացնելու յանդգնութեամբ։ Կեանքը՝ իր դրական եւ ժխտական երեսներով։ Եւ ասիկա՝ անպայման յաջողութիւն մը ըլլալու կողքին դրական երեւոյթ մըն է անշուշտ սովետահայ (սովետական) մտածողութեան մէջ։ Այս բոլորէն շահողը միայն գրականութիւնն է, անոր համար, որ ան՝ գրականութիւնը, միայն այս ճամբով կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ, եթէ անշուշտ հաւատանք, որ գրականութիւնը առաքելութիւն մը ունի։

Վերոյիշեալ նկատումներով ահաւասիկ, կրնանք ըսել թէ արձանագրուած յաջողութիւններ են՝ Թող Մի Բարձի Ծերանան, Երկբային Աստուածամայր, Շատ էք փոխուել Աղջիկնե՛ր, Խնդրում Եմ Չմոռանալ պատմուածքները եւ Որոշել Եմ Սպանել Պատերազմը, Կեանքը Կրակի Տակ (Համաշխարհային Բ. Պատերազմին մասնակցած զինուորի օրագրէն առնուած) վիպակները։

Այս գործերուն մէջ առանձին երեւոյթ է ընդհանրապէս հերոսներուն առաջին դէմքով ներկայանալը։ Հերոսները՝ իրենք են պատմողները, տալով իրենց շրջապատը, եւ անշուշտ, շարունակ կարելի է նկատել, որ հեղինակը իր կեանքն է, որ կը ներկայացնէ։

Յատկանշական է նաեւ պատմուածքներուն եւ վիպակներուն այնքան խտացած կերպով ներկայացուած ըլլալը։ Երբ վերջին տարիներուն սովետահայ մամուլը ինք իսկ սկսած էր բողոքել սովետահայ հաստափոր վէպերուն եւ երկարապատում պատմուածքներուն դէմ, Մկրտիչ Սարգսեանի Կեանքը Կրակի Տակ հատորը կու գայ փաստելու, թէ այդ «հաստափոր»ները շատ յաճախ որքա՜ն կրնան «նիհարնալ» եւ, անշուշտ, միշտ ի շահ «նիհար»ցնողներուն։

Ուրիշներ թերեւս քանի մը հատորներ հրապարակ նետէին այդքան բան ըսելու կամ պատմելու։ Սակայն Մկրտիչ Սարգսեանի տաղանդն ու կառուցումի խղճամիտ եղանակը կու գան հակառակը ընելու։