Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

երուանդ Հ. Քասունի

Առոյգ եւ կուռ ոճի մը հետ կայ մտերիմ խօսքի եղանակը՝ սահուն լեզուով մը, ինչը Կեանքը Կրակի Տակ հատորը կը դարձնէ աւելի սիրելի։

Արագ նկարող է Մ. Սարգսեան։ Վրձինի քանի մը հարուածներով կը յաջողի ներդաշնակ գոյներով պատկեր մը ստեղծել։ Ինչպէս՝

«Սկսում են վիճել. աղջիկն ուզում է, որ տղան չմրսի։ Վերջը Կարէնն ուղեկցում է աղջկան եւ մենակ ու մրսած վերադառնամ է տան»։ (Էջ 54) «Ձիւն չկայ, բայց ցուրտ Է։ Մշուշը սարերն Է բռնել, մշուշը կպել Է անտառին, մշուշը իջել Է գիւղ։ Եղեամն արծաթում Է դեղնած խոտերը, եղեամը բամպակում Է ծառերի ճիւղերը, եղեամն ուզում Է ձիւն-ձիւն խաղալ, բայց չի յաջողում» (Էջ 135)։ «Վաղուց սպիացել են իմ վէրքերը, իսկ սիրտս դեռ շարունակում է տնքալ. իսկ երթ սիրտն է տնքում, ցաւում են նաեւ սպիացած վէրքերը» (էջ 219)։

Զօրեղ են տիպարները՝ իրենց յոյզերով, սէրերով, յուսախաբութխններով, մտահոգութիւններով եւ մարդկայնականութեամբ։ Մանաւանդ մարդկայնականութեամբ։ Մարդկային տիպարներ են անոնք, սովետահայ, սովետական՝ բայց ո՛չ մտացածին ոսկեձոյլ նկարագիրներու եւ ո՛չ ալ ժխտական շինծու հերոսներու, որոնք պիտի գործածուէին միայն որպէս հակադրութիւն։

Այսպէս են Կալանաւոր թիւ 615 ը՝ Խնդրում Եմ Չմոռանալ, Հայր Ահարոնը՝ Երկրային Աստուածամայր, Մանուշակը, Սուտ-Սուքիասը, Արեւեանը՝ Որոշել Եմ Սպանել Պատերազմը, Օնիկը, Լիլիթը, Կապիտան Խոխլովը, Սերգէյը եւ Հերոսը՝ Միքայէլ՝ Կեանքը Կրակի Տակ։

ճանապարհի Սկզբին մանկութեան յուշագրութիւնը չունի գիրքին միւս էջերուն ուժգնութիւնը։ Յատկապէս տկար են առանձին էջերու մէջ ներկայացուած դէմքերը (հին ընկերներ, դրացիներ), որոնք չեն տպաւորեր եւ չեն մնար յիշողութեանդ մէջ, որոնք ընթերցումէն անմիջապես ետք կը դատապարտուին մոռացութեան։ (...)

Վերջացնելու համար ըսենք, որ գիրքը կը մնայ իրագործուած յաջողութիւն մը, եւ մեր միակ բաղձանքը պիտի ըլլար, որ Մկրտիչ Սարգսեան նոյն հարազատութեամբ եւ յանդգնութեամբ շարունակէր իր ստեղծագործական աշխատանքը, այս անգամ տալով սովետահայ ժամանակակից եւ անմիջական առօրեան։

«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, Պեյրութ, 30.11.1963։