Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

ԳԵՂԱՄ ՍԵՒԱՆ

«ԿԵԱՆՔԸ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ»

«Կեանքը կրակի տակ» գիրքը Մկրտիչ Սարգսեանի արձակ ստեղծագործութիւններու անդրանիկ ժողովածուն է, որ նուաճում մըն է, արդար նուաճում մը՝ մեր գրականութեան համար։ Հեղինակը կը պատկանի սովետահայ գրականութեան միջին սերունդին, իսկ իր գիրքը արդիւնք է տարիներու ապրումներու, կուտակուած սէրերու եւ պայքարներու պոռթկումին։ ճիշդ է, բոլորը գրուած են կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, հաւանաբար լարուած եւ տքնաջան աշխատանքով, բայց այդ բոլորը ապրուած են տասնեակ տարիներու ընթացքին։

Արձակ ըլլալով հանդերձ, բանաստեղծութեան հատոր մըն է նոյն ատեն գիրքը, եւ ըլլալով առաւել հայրենական մէկ շրջանի պատմութեան վերարտադրութիւնը, է նաեւ սիրոյ, հայրենասիրութեան, մարդկայնութեան եւ հայրենի բնաշխարհի եզակի գեղեցկութիւներուն գովերգութեան պոէման։ Սիրոյ եւ կեանքի գիրք մըն է «Կեանքը կրակի տակ» ստեղծագործութիւնը, ի հեճուկս խորագրին, թերեւս խորագրէն իսկ մեկնած, քանի այնտեղ գործող ու շնչող բոլոր հերոսները եթէ կ'ապրին, կը պայքարին, գիտեն բոլորն ալ, բոլորն ալ ունին մեռնելու խիզախութիւնը՝ յանուն սիրոյ եւ յանուն կեանքի եւ այդ երկուքի խորհրդանիշը եղող Հայրենիքի համար։

Գիրքը ունի գլխաւոր երկու բաժին։ «Կարող եմ զսպել արցունքներս» ենթախորագրի տակ կան եօթը պատմուածք, իսկ երկրորդ բաժինով՝ «Որոշել եմ սպանել պատերազմը» ենթախորագրի տակ, ըթերցողին կը ներկայանայ երկու վիպակ եւ մէկ վէպ։ Բազմատեսակ այդ բոլոր ստեղծագործութիւներուն մէջ կարմիր թելի նման հիմնական գիծը, գլխաւոր թեման, ինչպէս ըսինք, սէրը, ազնուացնող, կեանքը գեղեցկացնող, մարդս խիզախութեան եւ հերոսութեան մղող ամենագեղեցիկ, ամենաթանկ զգացումին յաղթանակը կեանքի տգեղութիւներուն եւ մահուան վրայ։

Յանդուգն, համարձակ, ընթերցողէն իր մտածումներն ու դառնութիւնները, իր վէրքերը, կեանքի ստուերոտ կողմերը առանց գունազարդելու պատկերող գործ է Մկրտիչ Սարգսեանի ստեղծագործութիւնը։