Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/7

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

Մկրտիչ Սարգսեան պատերազմի աւարտի 25-ամեակին առիթով հրատարակեց «Զինուողներ ու սիրահարներ» գիրքը։ Մկրտիչ Սարգսեան ինը գիրքի հեղինակ է։ Պատրաստ ունի պատմուածքներու ժողովածու մը։ «Սերժանտ Կարօ» խորագրով գործը գրուած է աշխոյժ հիւմորով, ոչ այնքան ծաւալուն, վիպակի մը սահմաններուն մէջ։

Արձակագիրը այս օրերուն կ՚աշխատի «Քաջ Նազար» վէպին վրայ։ Այս նիւթը օգտագործած են մեր գրողներէն շատերը, բայց ոչ ոք մինչեւ այսօր վէպ չէ գրած։ Սարգսեանը վէպի վերածելով այս նիւթը, պիտի աշխատի պատասխանել մեր առօրեային մէջ ծագած բազմաթիւ հարցերու։

Ճիշդ է Մկրտիչ Սարգսեանի դայեակին խօսքը կանուխ ծնած արձակագիրին մասին.

— «Օրապակաս ծնուեց, բայց ոչ պակասաւոր»։

Անոր համար ալ Սարգսեանը կը տեսնենք միշտ կարեւոր պաշտօններու վրայ. 1959-1962՝ «Գրական թերթ»ի խմբագիր, 1962-1970, այսինքն առ այսօր, «Հայաստան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր։

Ցետմիջօրէի մը նստած ենք «Հայաստան» հրատարակչութեան սենեակներէն մէկուն մէջ ու կը խօսակցինք երեքով՝ ես, Մկրտիչ Սարգսեանն ու Գէորգ Արշակեանը։ Մեր նիւթը գրականութիւնն է, Սփիւռքը, մեր արձակին արդի վիճակը։

Մեր արդի արձակին մէջ անուն դարձած այս տղաքը փոխն ի փոխ կը պատասխանեն հարցումներուս։

Ահա կը խօսի Մկրտիչ Սարգսեանը.

— Մեր արձակը դժուարութեամբ է պատասխանում այսօրուայ ընթերցողի պահանջքներին։ Գէորգ Արշակեան.

— Փոխանակ կեանքի անկեղծ, ճշմարտացի պատկերման, դէս ու դէն ընկած՝ գրական ոճեր են որոնում, մոռանալով, որ ոճը ինքը՝ մարդն է։

Մ. Սարգսեան.

— Այս բոլորի մէջ քիչ մեղք չունի նաեւ գրական քննադատութիւնը,