Աադրանիկ Ծառուկեան
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
(«ՆԱՅԻՐԻ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԸ)
Մկրտիչ Սարգսեանը, երկրորդ պատերազմէն ետք, մանաւանդ վերջին տասնամեակին, ինքզինք պարտադրող ամէնէն ուժեղ արձակագիրներէն մէկն է Հայաստանի գրականութեան մէջ, մասնաւորաբար իր ոճին առոյգ եւ պատկերաւոր գնացքով, արտայայտութեան ինքնատիպ կերպով, գիւտերով, անմիջականութեամբ, այս բոլորէն վեր ու ամէնէն թանկագին մէկ յատկանիշով- իր անկեղծութեամբ։
Ինչպէս շատ ճիշդ դիտել կու տայ յօդուածագիրը, Մ. Սարգսեանի գլխաւոր արժանիքներէն մէկն ալ գաւառաբարբառի ասոյթներուն չափաւոր օգտագործումն է, ճիշդ այն չափով, որ պահուի տեղական գոյնը կամ տիպարին ինքնուրոյնութիւնը, առանց երբեք խաթարելու ոճին գնացքը եւ արդիականութեան շունչը[1]։ Կրկնապէս ուշագրաւ եւ ուսանելի պարագայ մը, որմէ պէտք է օգտուին տաղանդաւոր նորահասները։ Կ'արժէ խօսիլ օրինակներով։
Այսպէս, բոլորովին նորահասներէն տաղանդաւոր արձակագիր Հրանդ Մաթեւոսեանը, որուն փայլուն տաղանդը քանի մը տարուան մէջ յայտնութիւն մը եղաւ, եւ որ Հայաստանէն առաջ սիրուեցաւ ու գնահատուեցաւ... Մոսկուայի մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քիչ անգամ կը պատահի- կամ բնաւ չի պատահիր,- որ թարգմանութիւն մը աւելի համակող ըլլայ քան բնագիրը։ Հրանդի պարագային, գաւառական դարձուածքներն ու ասոյթները, որքան ալ գեղեցիկ եւ հարազատ, այնուամենայնիւ, իրենց առատութեամբը երբեմն կը դառնան արգելիչ խոչընդոտներ, ի վնաս ընթերցումի սահուն գնացքին, բայց ռուսերէնի վերածուելէ ետք այդ նոյն բարբառային տարրերը, գտնելով ռուս գրական լեզուին մէջ ընդունուած համապատասխան բառամթերքը, կ'ազատագրեն հեղինակին ոճը գաւառական հանդերձանքէն եւ ի յայտ կը բերեն ինքնատիպ գրողը իր իսկութեանը մէջ։ Հրանդը՝ ռուսերէնով
- ↑ Նկատի ունի Արտաշէս Քալանթարեանի յօդուածը նշեալ գրքի մասին՝ «Անկեղծութեան սահմանները» վերնագրով, տպագրուած «Գրական թերթ»-ում, 02.02.1968թ.։ (Կազմ.)։