Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թեւածող հոգի մը

թերեւս մասամբ կորսնցուցած ըլլայ տեղական իր բոյրը, բայց անկասկած, որ ռուս ընթերցողը աւելի շուտ հաղորդակից կը դառնայ գրագէտին ապրումներուն եւ անհատականութեան։

Նոյն մտածումներուն կը մղէ նաեւ Սերօ Խանզադեանի վերջին գործը՝ «Մատեան Եղելութեանց»։ Գլուխ գործոց մը, որով հեղինակը մտաւ գեղարուեստական գրականութեան մեծ դռնէն ներս, «Մխիթար Սպարապետ»ով նուաճելէ ետք ժողովրդային վիպագրի համբաւը։ Քանի՜ անգամներ փորձուած ենք «Մատեան Եղելութեանց» սքանչելի հատորը նոյնութեամբ հրատարակել«Նայիրի»ի մէջ, բայց ամէն անգամ բարբառային խճողումները թոյլ չեն տուած, մեր ընթերցողներու հաշւոյն որոշ... մտավախութեամբ։

Պէտք չէ մոռնալ, որ գեղարուեստական արձակին մէջ էականը ոճն է, եւ տեղական բարբառի տարրերը այդ ոճին երանգաւորումները միայն պարտին ըլլալ, նրբերանգները, բայց երբեք՝ տիրապետող գոյները։ Ամէնէն աւելի լաւ պատրաստուած- եւ սննդարա՛ր- կերակուրն իսկ՝ իր համեմներովն է որ կ'արժեւորուի։ Տեղական գոյնը, տեղական բարբառը, ասոյթները ոճին՝ համեմանքն են լոկ, ոչ ուրիշ բան։ Քիչ մը աւելի, կամ քիչ մը պակաս եւ համը կը կորսուի։ Ամբողջը չափի խնդիր մըն է ուրեմն, եւ ամբողջ գաղտնիքը՝ ճշգրիտ չափը պահելուն մէջ կը կայանայ։

Ակսել Բակունց եւ Համաստեղ տիրացած էին այդ գաղտնիքին։

Անոնցմէ ետք, ահա՜ եւ Մկրտիչ Սարգսեանը, որ լաւ ճամբու մէջ է։

«Նայիրի» շաբաթաթերթ, Պէյրութ, 25.02.1968