Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Աւետիս եափուճեան

ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
«ՉՄԱԿԱՐԴՈՒՈՂ ԱՐԻՒՆ»[1]


Մկրտիչ Սարգսեանին ինծի ծանօթացուց «Սերժանտ Կարօն», որուն հետ «Արեւ»-ի ընթերցողներն ալ ծանօթացան, եթէ տակաւին կը յիշեն, երբ մեր թերթին սիւնակներէն ան երեւցաւ իբրեւ թերթօն։ Սակայն, մինչեւ հիմա առիթը չէր եղած Մկրտիչ Սարգսեանը ծանօթացնելու մեր ընթերցողներուն։

Մկրտիչ Սարգսեանը Հայկական ՍՍՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ է։ Իր «Խաղաղութիւն Պատերազմից Առաջ» վէպը արժանացած է պետական մրցանակի։ Հեղինակ է բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու եւ վէպերու 19 հատորներու։ Ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանած է հինգ հաւաքածոներ։ Իր գործերէն ալ ոմանք թարգմանուած են ռուսերէնի։ Իր «Մերժանտ Կարօն» վիպակը վերածուած է թատրերգութեան։ Պարգեւատրուած է ժողովուրդներու Բարեկամութեան (1984), Հայրենական Պատերազմի Ա. եւ Բ. աստիճաններու եւ Կարմիր Աստղի շքանշաններով։

Այս վէպը, որուն մասին կ'ուզենք խօսիլ այսօր՝ «Չմակարդուող Արիւն», շարունակութիւնն է «Խաղաղութիւն Պատերազմից Առաջ» վէպին, զոր դժբախտաբար, չկրցանք ձեռք առնել։ Ամէն պարագայի տակ, որքան որ ալ շարունակութիւն ըլլայ, «Չմակարդուող Արիւն»ը ամբողջական վէպ մըն է, զոր կ'արժէ ծանօթացնել մեր ընթերցողներուն, որովհետեւ անզուգական գլուխ-գործոց մըն է։

  1. Մկրտիչ Սարգսեան, «Չմակարդուող արիւն» Երեւան, «Սովետական գրող», 1985, տպ. 20000։