Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/87

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Աւետիս Եափուճեան

ըրած է՝ ամբողջ վէպը հիւսելով իր անձին շուրջ։ Բայց նաեւ, Մկրտիչ Սարգսեան չէ ինկած հակառակ ծայրայեղութեան մէջ։ Այսինքն, հերոսը՝ ինքը, ռազմական դէպքերուն պարզապէս դիտողը չէ, կրաւորական հերոս մը չէ։ Ան պատերազմին մասնակից է իր ամբողջ հոգիով, ամբողջ էութեամբ, սակայն պատմութիւնը հիւսած է այն բազմաթիւ անանուն հերոսներով, որոնք մէկ բռունցք կազմած՝ կը մարտնչէին յանուն հայրենիքին, վասն յաղթանակի։ Եւ այդ բռունցքին մէկ նեարդն է ինքը՝ հեղինակը։

«Նեարդ» ըսինք դիտումնաւոր կերպով, որովհետեւ Մկրտիչ Սարգսեան կը պատմէ, կը վերակենդանացնէ ո՛չ միայն այն, ինչ որ իր աչքը տեսած է, այլ նաեւ՝ այն ամէնը, ինչ որ զգացած է, եւ զգացած է իր մարմնին մէկ նեարդով։ Եւ իր գրական աննման տաղանդով, ան այդ բոլորը կը փոխանցէ ընթերցողին, զայն ամբողջ երեք տարի պտըտցնելով Հայրենական Պատերազմին արհաւիրքներուն մէջէն, պատերազմին ծանր օրերէն մինչեւ յաղթանակին նախաշեմը։

Եւ ընթերցողը, հատորին ամբողջ ընթերցանութեան ընթացքին, կ'ապրի հիթլերականներուն դաժանութիւնները՝ իր ամբողջ հոգիով ըմբոստանալով անմարդկային անոնց արարքներուն դէմ, կ'ապրի սովետ ռազմիկներուն հերոսութիւներով՝ իր սրտին ու հոգիին բոլոր թելերով կապուելով անոնց, անոնց հետ ապրելով ծանր օրերը, նահանջի դառնութիւնը, եւ, ի վերջոյ, յաղթանակներուն քաղցրութիւնը։

Վէպի մը պարագային, ընթերցողը պարզ է անշուշտ, որ կը կապուի անոր հերոսներուն, կը տուայտի անոնց տառապանքներուն հետ, կը խնդակցի անոնց յաջողութիւներուն։ Եւ սակայն, երբ երկրորդական դէմք մը կը սպանուի կամ կը մեռնի, ընթերցողը չի զգար այն, ինչ որ պիտի զգար, երբ նման դժբախտութիւն մը պատահէր գլխաւոր հերոսներէն միոյն։ Սակայն, այդպէս չէ պարագան «Չմակարդուող Արիւն» վէպին։ Հոս, ռազմաճակատին վրայ ինկնող սովետ մէն մի «անծանօթ» զինուորի համար ընթերցողին սիրտը կը կսկծայ. հեղինակը մէկու մը անունը հազիւ մէկ կամ երկու տեղ յիշած, երբ ան կ'իյնայ թշնամիին անարգ գնդակէն խոցուած, ընթերցողը իր ամբողջ էութեամբ կ'ապրի այդ դառն պահը։