Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/88

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս։ Որովհետեւ, Մկրտիչ Սարգսեանի աննման տաղանդը ստեղծած է հաւաքական հերոս մը, որուն ընթերցողը կը կապուի հոգեւին։ Ինքը՝ հեղինակը, կարմիր թելի մը նման վէպին մէկ ծայրէն միւսը կ'երթայ։ Բայց հերոսը, իրականութեան մէջ, ինքը չէ. ամբողջ հաւաքականութիւն մըն է։ Եւ այդ է պատճառը, որ ընթերցողը կը տեսնէ, կը զգայ ու կ'ապրի յանուն արդար դատի մը մղուած պայքարը, մահուկենաց գուպարը։

Հատորին, այսպէս ըսած երկրորդ գլխաւոր հերոսն է Օնիկը՝ Մկրտիչին ընկերը, բարեկամը, մտերիմը, որ նոյնպէս ներկայ է վէպին մէջ, գրեթէ մինչեւ վերջին էջը։ Մաքուր, բարի, անմեղ էակ մը։ Լացնելու չափ յուզիչ է, սրտաճմլիկ, Օնիկի մօր նամակը՝ գրուած իր որդւոյն։ Ռազմաճակատայիններու խումբ մը մայրեր վանք ուխտի կ'երթան. «Ոտքով գնացինք, բոբիկ գնացինք, որ մեր ախտը օրինաւոր ու ընդունելի լինի, մոմ վառեցինք, աղաւնիկներ մորթեցինք. ամբողջ օրը վանքի պատերն ու քարերն էինք համբուրում, որ սուրբը տէր կանգնի ձեր մատաղ կեանքին։ Մատաղ էլ խոստացանք, Օնիկ ջան»։

Մինչեւ վանք ճամբան երեսուն քիլոմեթր է, եւ մայրերը, այդ սրբազնագոյն էակները, ոտքով երեսուն քիլոմեթր ճամբայ կը կտրեն, եւ նոյն օրը երեկոյեան ալ նոյն ձեւով կը վերադառնան, եւ յաջորդ քանի մը օրը անկոդին կ'իյնան։

«Անկողին մտնելուց առաջ, աղօթում, խնդրում եմ Երկնային Տիրոջը, որ գոնէ երազով տուն ուղարկի քեզ։ Եւ ուղարկում է, մեռնեմ Իր զօրութեանը։

... Հիմա քեզ ամէն օր տեսնում եմ երազիս։... Մեր մասին չմտածես։ Դու քո մասին մտածիր, որ գիշերները չմրսես։ Վերմակը չգցես վրայիցդ, չբացուես։ Զգոյշ եղիր. էդտեղ մայրդ մօտդ չէ, որ վրէդ ծածկի, տաք ճաշն անպակաս անի»։

Խե՜ղճ մայր, կը կարծէ, որ ռազմաճակատին առաջին գծին վրայ, իր մէկ հատիկ զաւակը տաք անկողնի մէջ կը պսակի։ Չի գիտեր, որ ան ջուրով ու արիւնով լեցուած խրամներու մէջ է նստած, գլուխը թաց պատին յենած է, որ կը քնանա՜յ, եթէ քուն կարելի է կոչել այն, որ քանի մը վայրկեան կը տեւէ միայն, թշնամիին յարատեւ ռմբակոծումներուն տակ, որոնք իր կեանքը ամէն վայրկեան խլելու սպառնալիքին