Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/89

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Աւետիս Եափուճեան

տակ կը պահեն զինք. քնանա՜յ... Պէտք է ռազմաճակատին այդ վիճակը նկարագրող Մկրտիչ Սարգսեանի տողերը կարդալ. եթէ մայրը այդ վիճակին մէջ տեսնէր իր Օնիկը, վայրկեան մը իսկ չէր կրնար ապրիլ։ Բայց Օնիկ, Օնիկները ապրեցան այդ ահաւոր կեանքը, յանուն հայրենիքի, վասն յաղթանակի։

Եւ հայրը. «Խեղճացել է քո կարօտից, Օնիկ ջան։ էդ էլ հէչ. սկսել է խմել։ Խմում է ամէն օր։ Գրիր թող չխմի, Օնիկ ջան, գիշերները խմելու համար վեր չը կենայ։ Տնաշէնը գիշերները ո՛չ քուն ունի, ո՛չ դադար. ման է գալիս տան մէջ, ծխախոտը ձեռքին։ Գրիր, որ իրեն չհիւանդացնի, որ քո վերադարձին ողջ ու առողջ դիմաարի քեզ»։

Իսկ Օնի՞կը. անձնուրացօրէն կը կռուի, մահէն առանց վախնալու կը կռուի, բայց տեւապէս իրեն հետ կը պտըտցնէ այն նախազգացումը, թէ այս պատերազմէն տուն պիտի չվերադառնայ։ Եւ վանքին սուրբը անզօր կ'ըլլայ զայն պահպանելու, իր ծնողներուն վերադարձնելու իրենց մէկ հատիկ զաւակը. եւ երբ սովետական ոյժերը ազատագրելով սովետական բռնագրաւուած հողերը, կը հասնին արդէն սովետական սահմանին, հոն թշնամիին գնդացիրը, որ ոչ մէկ սուրբ կամ սրբութիւն կը ճանչնայ, կը ճեղքէ Օնիկին կուրծքը ամբողջ լայնքին, անցնելով երիտասարդ, սիրելու ու սիրուելու համար ստեղծուած անոր մատաղ սրտէն։ Չէ՜, մա՜յր, Օնիկը այլեւս գիշերները պիտի չմրսի այլեւս, ցուրտ հողը զայն պիտի տաքցնէ յաւիտեան։

Մկրտիչ Սարգսեանի այս գործին համար «վէպ» ըսինք. սակայն, իրականութեան մէջ, միայն վէպ չէ. աւելի ճիշդը, վիպային մասը քիչ է. կառոյցն է, որ վիպական է եւ ըստ այնմ ալ վիպային մասը անխուսափելի է։ Առաւելաբար, ան յիշողութխններ է, յիշատակներ, յուշեր, դառն, բայց հերոսական, ահաւոր, բայց մարդկայնական: Սակայն, պարզ է, որ դէպքերը յիշելը չի բաւեր. տաղանդ պէտք է զանոնք վերարտադրելու համար, եւ մանաւանդ, զանոնք վէպի՝ վերածելու համար։

Թէեւ Մկրտիչ Սարգսեան իր վէպին մէջ տեղ մը կը գրէ, թէ «մեծագոյն ճակատամարտի նկարագրութիւնը վեր է իմ ոյժերից», սակայն, այս վէպին մէջ առաջին երեւոյթը, որ ընթերցողին ուշադրութիւնը կը գրաւէ, ճակատամարտերուն նկարագրութիւնն է, եւ կը պարզուի, որ