Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/91

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Աւետիս Եափուճեան

Սարգսեան, պատերազմի այդ օրերուն, ռուս թղթակիցին չէր կրնար յիշած ըլլալ Հիթլէրի այն խօսքը, թէ «հիմա ո՞վ է յիշում հայկական կոտորածները», որովհետեւ Հիթլէրի այդ խօսքը յայտնի դարձաւ պատերազմէն ետք՝ Նիւրեմպէրկի դատավարութեան ընթացքին։ Իսկ եթէ սովետական կողմին այդ խօսքը ծանօթ էր առաջին մէկ օրէն, կամ գէթ՝ տակաւին պատերազմի օրերուն, շատ կարեւոր պիտի ըլլար գիտնալ անոր աղբիւրը, որովհետեւ այսօր ո՛չ միայն թուրքերը, այլեւ՝ նոյնիսկ հայանուն մարդ մը նկրտեցան ժխտելու զայն։

Շատ յատկանշական է Մկրտիչ Սարգսեանի գնահատականը ֆաշիստ բանակին, թէ ան «ահեղ թշնամի է, յամառ, հաշուենկատ, փորձառու... ուժեղ է ֆաշիստական բանակը եւ նրա հզօրութիւնն ու ոյժը թերագնահատելը յանցագործութիւն կը լինէր»։ Այս բնութագրումը շատ ճիշդ է անշուշտ, եւ նկատի ունենալով անոր այդ ահաւոր հզօրութիւնը, կարելի է ճշգրտօրէն չափել սովետական բանակին հերոսական, գերմարդկային գուպարը, երբեմն նոյնիսկ մերկ ձեռքերով՝ զրահաւոր պողպատին դէմ, ինչպէս որ երբեմն կը նշէ Մկրտիչ Սարգսեան։ Եւ այս գնահատումով է, որ կը բացայայտուի սովետական զինուորին՝ 18-20 տարեկան այդ մատղաշ երիտասարդներուն հոգեկան այն անպարտելի ոյժը, որ երբեմն նոյնիսկ մերկ ձեռքերով, ջախջախեց, փոշիացուց ֆաշիզմի զրահապատ հզօրութիւնը։

Խորապէս խորհրդանշական է վէպին վերջաւորութիւնը։ Սովետական բանակը յաղթականօրէն յարձակողականի անցած է, կատաղի մարտեր տեղի կ'ունենան, որոնց ընթացքին, սովետական կարմիր դրօշը կիսով չքացած է։ Եւ այդ պահուն է, որ թշնամի կրակահերթը կը կտրէ Օնիկին կեանքի թելը՝ կաս-կարմիր ներկելով անոր շապիկը, որմէ բուժքոյրը կտոր մը կտրելով, կը միացնէ կիսուած սովետական դրօշին, որ իր զաւակներուն արեան կարմիրով կ'ամբողջանայ։ Եւ հոս է, որ կը վերլուծուի վէպին խորագիրը՝ «Չմակարդուող Արիւն», արիւնը հայրենիքի պաշտպան երիտասարդութեան, որ տակաւին կը շրջի այդ ահաւոր սպանդէն վերապրած մարդոց երակներուն մէջ։

Եւ ի՞նչ է Մկրտիչ Սարգսեանի վէպին տագնապը։ ճիշդ է, տալ սովետական բանակին, սովետական երկրին անխորտակելիութիւնը։ Սակայն, նաեւ՝ «Որքան այլանդակ ու դաժան պիտի լիճի մարդ արարածը,