Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/92

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

որ թողած սէրն ու գինին, երգն ու աշխարհի գեղեցկութիւնները, ստեղծելու եւ արարելու պահանջը՝ կեանքը վերածի դժոխքի, եւ իրեն, ե՛ւ իր նմաններին դատապարտի մահուան։ Խաղաղ ապրեցէք, մարդի՜կ, աշխարհի հզօրներ եւ ոչ հզօրներ, բոլորդ էլ մահկանացուներ էք. մարդը ծնւում է մէկ անգամ, կեանքը տրւում է մէկ անգամ եւ անվերադարձ, ուրեմն գեղեցիկ ապրեցէք, ստեղծելով ու արարելով։ Ինչո՞ւ էք գէշացնում կեանքը, որ բնութեան աստուածային պարգեւն է, մեծագոյն պարգեւը»։

Թերեւս այսօր գտնուին մարդիկ, որոնք երբ, օրինակի համար, այս հատորը ձեռք առնեն, բացագանչեն՝ «Նորէ՞ն պատերազմ», ինչպէս որ այսօր շատեր կը բացագանչեն՝ «Նորէ՞ն եղեռն». որովհետեւ, այդ արհաւիրքները չտեսած, չապրած մարդուն համար, անոնք անոնց ականջին ջուրի ձայն կու գան։ Բայց այնքան ատեն որ կ'ապրի Եղեռնի սերունդը, Հայրենական Պատերազմի սերունդը, այո՜, պիտի խօսուի ու գրուի անոնց մասին, որպէսզի ի վերջոյ մարդիկ խելամտին, տեսնեն կեանքին գեղեցկութիւնները, եւ զայն չտգեղցնեն. որպէսզի խաղաղութեան կողմնակիցները, խաղաղասէրները, խաղաղարարները ոյժ հաւաքեն՝ դէմ դնելու պատերազմի ոճրագործներուն, ձեռքը բռնելու ցեղասպան ոճրագործին, «ո՛չ» ըսելու մարդը մարդուն ձեռքով ոչնչացնելու գազանային բնազդին։

Այո՛, Մկրտիչ Սարգսեանի վէպը պատերազմի մասին է, բայց խաղաղութեան կոչ մըն է, որուն մարդ արարածը տակաւին երկար ատեն պէտք պիտի ունենայ, մինչեւ այն օրը, երբ աշխարհի վրայէն վերնայ ընչաքաղցութիւնը եւ մարդը ճանչնայ մարդուն ապրելու իրաւունքը։

«Արեւ» օրաթերթ, Գահիրէ,
1-2.03.1988