Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/93

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Խմբագրականներ


«ՆԱՅԻՐԻ» (ԽՄԲԱԳԻՐ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ) ԵԻ

«ՍՓԻՒՌՔ» (ԽՄԲԱԳԻՐ՝ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ)

ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԵՐՈՒ ՇԱՐՔ ՄԸ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐ

ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆՑ

ՎԵՐԱՏՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ


«Դու գիտես, հայրի՛կ» (պատմուածք)

«Նայիրի» շաբաթաթերթ, 03.06.1962

«Այս գեղեցիկ պատմուածքը, օդանաւով ստացուած, Երեւանի «Գրական թերթ»էն (18 Մայիս) կ'արտատպենք հաճոյքով, կցելով քանի մը լեզուական նկատողութիւններ վերջաւորութեան։

«ՆԱՅԻՐԻ»Ի ԿՈՂՄԷ

Ընթերցողը, ուշադրութեամբ վերստին աչքէ անցընելէ ետք մեր կողմէ շեղագրուած կարգ մը բառեր եւ դարձուածքներ, պիտի նկատէ մէկէ աւելի գեղեցիկ նորութիւններ, ինչպէս նաեւ քանի մը շատ հին անճաշակութիւններ։ Նորութիւնները առաւել եւս ուշագրաւ են մանաւանդ անոր համար, որ մասնագիտական բառերով այնքան աղքատ մեր լեզուն կը ճոխացնեն եւ բացառիկ առիթ մը կը ստեղծեն որպէսզի անդրադառնանք, թէ միայն օտար բառեր չեն որ կու գան Հայաստանէն, այլ՝ անտեղէն մեզի կը սորվեցնեն... մեր գործածած օտար բառերուն հայերէնները։

Այսպէս, ոլորանը ճամբու դարձուածքն է, որուն մենք վարժուած ենք քուրպ ըսել, եթէ թրքերէնի չվերածենք ու չընենք... քուրպա։

Վարորդը հազար անգամ գեղեցիկ է քան մեր շօֆէօրը, եւ, անկասկած, մերիններէն աւելի... բարեկիրթ։

Արգելակը ֆռենն է, արգելակել՝ ֆռենէ, եւ արգելակում՝ ֆռենաժ։

Շրջանցել՝ առջեւէն գացող մեքենան անցնիլն է, որուն մենք տուպլէ ընել կ'ըսենք։

Այս յաջող հայացումները հաստատելէ ետք, չկրցանք հասկնալ «տեսուչ»ը, որ տրուած է երթեւեկի եւ ճամբաներուն հսկիչ ոստիկանին։ Տեսուչ բառը այնպէս մը նուիրագործուած է ուսումնական բառացանկին մէջ, որ մեղք է աւանդութիւնը խախտել, տեսչական աթոռէն