Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/94

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

վար առնել, նոյնիսկ վարժարանէն դուրս հրել եւ ճամբաներուն վրայ պահակ կարգել։ Տեսո՜ւչ... ի՜նչ անկում, պաշտօնի եւ... ճաշակի։ Ռեթէոս Պէրպէրեանին քունը խանգարելու պէս բան մը։

Գալով «միլիցիայի լեյտենանտ»ին՝ չափազանցեալ պահանջկոտութեամբ չենք ուզեր մեղանչել։ Միլիցիային հետ հաշտուած ենք։ Նախ՝ հոգեբանօրէն գէշ յիշատակներ կ'արթնցնէ հայերէն ոստիկանը (բառը՝ հայերէն, բայց իր ստեղծած մտապատկերը... թո՛ւրք։ Եւ գէշ բաներ, գէշ յիշատակներ)։ Այնպէս որ, թրքաբոյր մեր ոստիկանը սիրով պիտի փոխանակենք հայ միլիցիային հետ, փոյթ չէ թէ ան ալ ռուսաբոյր ըլլայ։ Բայց ի՞նչ ըսել «լեյտենանտ»ին։ Այլեւս ատիկա բառ մը չէ, ամօ՛թ մըն է, երբ անդին կայ մեր հիանալի տեղակալը, ե՛ւ գեղեցիկ, ե՛ւ մանաւանդ՝ աւելի սահուն եւ դիւրահունչ։

Ընդգծած ենք նաեւ հետեւեալ նախադասութիւնը.- «Աղջկայ ոտքերը զարմանալի գեղեցիկ ու բարեկազմ էին»։

Այստեղ՝ լեզուական խնդիր մը չկայ, այլ կայ ուրիշ բան, ինչպէս «բան» մըն ալ ըլլալու է վարորդ Զաւէնի գլխուն կամ սրտին մէջ, այդքան գեղեցիկ աղջկան մը ի տես։ Բայց խնդիրը հոն է, որ տգեղ կամ գեղեցիկ բոլոր աղջիկներուն ոտքերը... ոտք են, ոտքի պէս։ Շատ-շատ՝ քիչ մը մեծ կամ քիչ մը պզտիկ ոտքեր, եւ ուրիշ ոչինչ։ «Ոտքը», առհասարակ, մարմինին ամէնէն համեստ մասն է, եւ «մեծ»էն կամ «պզտիկ»էն ուրիշ ածական չի վերցներ, շատ-շատ, անորոշ «սիրուն»

Հեղինակային ընծայագրեր Մ. Սարգսեանին

Անդրանիկ Ծառուկեան

Սիմոն Սիմոնեան

«Հին երազներ, նոր ճամբաներ» (1960)

«Արեւելահայ գրականութիւն» (1965)