Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/95

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Խմբագրականներ

մը, որ դարձեալ «պզտիկ» ըսելու ձեւ մըն է։ Բայց «գեղեցիկ»ը, եւ, մանաւանդ «բարեկազմ»ը՝ ոտքին չեն պատկանիր, այլ... սրունքին։

Անշուշտ, այս պատմուածքին հեղինակը՝ ընկ. Մկրտիչ Սարգսեան, գիտէ ոտքին եւ սրունքին տարբերութիւնը։ Մեղքը իրը չէ։ Հայաստանի գրականութեան ծայրայեղ ամօթխածութիւնն է, որ կը խորշի «վրան բաց» նկարագրութիւններէ։ Եւ սակայն, պէտք չէ չափազանցել։ Սիրային մթնոլորտով տրուած քնքոյշ պատմուածքի մը մէջ այնքան մը իրապաշտութիւն թոյլատրուած պէտք է ըլլայ հեղինակին, որ կօշիկներէն քիչ մը վեր բարձրանայ։ Չե՛նք ըսեր՝ սրունքներէն...

Արեւմտեան կարգ մը հեղինակներու մօտ եթէ այպանելի է պոռնկագրութիւնը, միշտ հաճելի չէ սակայն սովետ գրողներու ծայրայեղ կոճկուածութիւնը։ Ամբողջ հարցը այն է, որ չափը պահուի եւ խնայուի ընթերցողին- եւ հեղինակի՛ն- «բարեձեւ ոտքերու» (բարեկազմ ոտքերու՝ ճշդումը՝ կազմողի) անիմաստութիւնը։

«Սառցահալ» մըն ալ այստեղ պէտք է, կը կարծենք...

«Չմոռանալ» (պատմուածք)

«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 06.03.1963

Ներկայ պատմուածքը- Չմոռանալ- կ'արտատպենք «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի Դեկտեմբեր 1962 (N 12) թիւէն։ Հեղինակը՝ Մկրտիչ Սարգսեան, անծանօթ անուն մըն է մեզի համար, եւ հետեւաբար գաղափար կամ կարծիք չունինք անոր վաստակին կամ գրական ստեղծագործութեան մասին։ Առանց վարանումի կը շեշտենք սակայն, թէ Մ. Սարգսեանի այս պատմուածքը գեղարուեստականօրէն յագեցած եւ գեղեցիկ էջ մըն է մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ։ Առաւել եւս անոր խորքն ու տարողութիւնը մասնակից կը դարձնեն մեզ խորապէս ապրուած ծառացումի մը արտայայտութեան, որ շրջանի վկայութիւնն է նաեւ...

«Կարող Եմ Զսպել Արցունքներս» (պատմուածք)

«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 30.11.1963

«Չմոռանալ»...

Մեր ընթերցողները վստահ ենք, որ չմոռցան այդ պատմուածքը, որ լոյս տեսաւ «Սփիւռք»ի այս տարուան Փետրուարի (Մարտի՝