Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/96

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

ճշդումը՝ կազմողի) թիւին մէջ։ Այդ թուականէն ի վեր ուշադրութեամբ հետեւեցանք նորայայտ այս տաղանդին ստեղծագործութիւններուն։

Ահաւասի՜կ իր նոր գործը՝ «Կեանքը Կրակի Տակ», շքեղ տպագրութեամբ եւ 410 էջերով, մանաւանդ հրճուաբեր բովանդակութեամբ։

Անմիջապէս յայտնենք, որ Մկրտիչ Սարգսեան սովետահայ ապրող լաւագոյն արձակագիրներէն մէկն է Սերոյ Խանզադեանի հետ, իբրեւ անոր տաղանդի կրտսեր ու հարազատ եղբայրը։

Ներկայ գեղեցիկ պատմուածքը («Կարող Եմ Զսպել Արցունքներս») վերցուած է հեղինակին նորատիպ գործէն։

«Շատ էք Փոխուել, Աղջիկնե՛ր» (պատմուածք)

«Նայիրի» շաբաթաթերթ, 5.01.1964

Մկրտիչ Սարգսեան,- մի՛տք պահեցէք այս անունը։ Տասը տարիէ ի վեր Հայաստանի գրականութեան մէջ յայտնուած ամէնէն ուշագրաւ արձակագիրներէն մէկը։ Վաւերական տաղանդ մը, զտարիւն գրագէտ մը, որ հեռուն պիտի երթայ։

«Սէրը Սրբութեան Առջեւ» (պատմուածք)

«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 26.09.1964

Մկրտիչ Սարգսեանը արագ եւ յստակ ներկայացնելու լաւագոյն ձեւը, գէթ «Սփիւռք»ի ընթերցողներուն համար, պիտի ըլլար ըսել, թէ անիկա հեղինակն է «Չմոռանալ» պատմուածքին, որ իրապէս, մոռցուելիք բան չէր եւ որ առաջին անգամ տպուեցաւ մեր թերթին մէջ (1963, Փետրուար) (Մարտ՝ ճշդումը՝ կազմողի)։

Անկէ ետք Մ. Սարգսեանէն լոյս տեսաւ գեղեցիկ հատոր մը՝ բովանդակութեամբ եւ արտաքինով, «Կեանքը Կրակի Տակ», որմէ նոյնպէս կտորներ ներկայացուցինք մեր ընթերցողներուն։

Ահաւասիկ նոր գրութիւն մըն ալ իրմէ, գեղեցիկ եւ յուզիչ։ Մկրտիչ Սարգսեան խորհրդահայ արդի արձակի լաւագոյն դէմքերէն մէկն է։

«Արուեստ Զրպարտութեան» (ֆելիեթոն)

«Նայիրի» շաբաթաթերթ, 06.11.1966

Տասնաբանեայ գիտելիք՝ ի պէտս Հայաստանի (անտաղանդ) գրողներուն, ոչ անպէտ՝ Սփիւռքին...