Էջ:Կեանքիս վէպը, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

_____________________________________________________________Կեաևթիս վէպը Այդ օրերուն, ճիպին ծնած մայրս հազիւ վեց տարեկան կ՚ըլլայ։ Մայրս հասակ կ՛առնի Հալէպի մէջ եւ 14 տարեկանին կ՚ամոանանայ Խաչեր որդի Թորոսի Թորանեանին հետ ու 18 տարեկանին կ՚այր– իանայ, երբ հոգածու պէտք էր ըլլար երկու որբուկներու։ Մեր հայրենակիցներին ոմանք, որոնք ներկայ կ՛ըլլան մօրս պսակադրութեան, կը կրկնէին տխրօրէն, բայց խնդալով, որ Վար¬ դուհին, տակաւին մանուկ, 14 տարեկանին, պսակադրութեան ժա¬ մանակ կը սկսի քնանալ... Մայրս ստիպուած պէտք էր աշխատիր։ Հապա ո՞վ տէր պիտի կանգնիր իր որբուկներուն։ Այդ տարիներուն (երեսնական թուականներ) արգասաբեր կ՛ըլ¬ լան Հալէպի պիստակի ծառերը եւ արդիւնաւոր՝ պիստակի առեւտու– րը։ Թոներով պիստակ կը վաճառուի տեղւոյն վրայ ու կ՚առաքուի Արեւմուտք։ Անհրաժեշտ կ՚ըլլայ բերանգոց պիստակներու շրթները բանալ պարզ գործիքով մը. մայրս կը լծուի այդ աշխատանքին՝ օրապահիկ մը ճարելու համար։ Միջոց մը խաներու անկիւններուն մէջ կը կատարի այդ գործը։ Որպէսգի աւելի արտադրանք տայ, քիլօներով տուն բերել կը սկսի ու տան մէջ կ՛աշխատի՝ առանց ժամավաճառութեան. չըթ, չըթ, չըթ, կը բացուին պիստակներու շրթները՝ սրելով իմ ախորժակս։ - Եաւրիկ, կշիռքով առած եմ ու կշռելով պիտի յանձնեմ... եթէ պակսի՝ գործիս ազատ կ՚արձակուիմ։ Ես ալ կ՛ուզեմ որ ուտես, բայց...,– յուզուած կ՛ըսի մայրս։ - Մէկ հատիկ, մայրիկ, միայն մէկ հատիկ առնեմ։ - Ոչ, հոգեակս, ոչ, կը պակսի վերջը... - Մէկ հատիկ միայն, մայրիկ, մէկ հատիկ... Կ՚առնէի մէկ հատիկ, ատամներովս չըթ, կը կոտրէի, կը համտե– սէի, աւելի եա սրելով ախորժակս։ Այո՝, գիտէի, որ մէկ-երկու պիս¬ տակի համտեսումը կշիռքի վրայ չէր ազդեր, բայց մայրս չնեղացնե– լու սիրոյն կը զսպէի ախորժակս, որ միշտ բարձր կէտի վրայ էր։

                                                                   5