Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

առջեւ՝ շնորհաւորելու համար միւսիւ Նիքոլան և բարի վայելում մաղթելու համար իրեն:

Երանի՝ թէ տուած չլլային այդ այցելութիւնը: Ծովահայեաց պատուհանը, որուն դիմաց Միջերկրականը իր կապոյտը կը փռէր, եւ արմաւի ծառը, որ կը բարձրանար պարտէզին մէջ, անմիջապէս դադրեցան վայելքի նիւթ ըլլալէ ու դարձան Թանձր մթութիւն:

Միւսիւ Նիքոլան, բարի գալուստի սովորական խօքերէ ետք յարեց

—Ուաթէզ Մելքոն, կ՚երեւի եկած էք հազար ոսկիին մնացեալը տալու, թէ, մարդ էք, կ՝երեւի հինգ հարիւրին պէտք ունէիքլ, օգտագործեցիք ու հիմա կը վերադարձնէք:

—Ի՛նչ հինգ հարիւր ոսկի … —

—Հազար ոսկի Ֆրուզին մնացեալ կէսը:

—Բայց ես միայն հինգ հարիւր ստացած եմ. կ՚ուզէ՞ք նոր վարձակալը այստեղ բերեմ, ձեր տունը, ու ինք իր բերնովը ըսէ ձեզի:

—Կ՝ուզեմ:

—Լաւ, կը բերեմ:

Ճամբան տիկին Իսկուհի կ՚այպանէր Մելքոնը. —— Այս ի՜նչ կրակ բերիր մեր գլխուն, հիմա ի՜նչ երեսոսվ պիտի խօսիմ ես Գէորգին հետ, ի՜նչպէս պիտի նայիմ Նուարդի աչքերուն, ի՜նչպէս, ի՜նչպէս…

— Բայց, մտի՛կ ըրէ, բան մը չհաստատած իրար մի՛ անցնիր, հիմա կը տեսնես, կ՚առնեմ Գէորգը եւ կը տանիմ սա ագահ Նիքոլային մօտ, ու այն ատեն ճշմարտութիւնը երեւան կ՚ելլէ… Ամօթ է, փողոցին մէջ մի՛ լար, չկայ մէջըեղը:

Մելքոն Իսկուհին տուն հասցնելէ ետք ուղիղ գնաց Գէորգին մօտ: Դուրս կանչեց խանութէն ու խիստ յուզված եշտով մը ըսաւ.

—Շո՛տ, Գէորգ, քալէ, շուտ, պիտի երթանք միւսիւ Նիքոլային մօտ որ իրեն ըսես թէ իր նախկին տունը մտնելու համար դուն վճարած ես միայն հինգ հարիւր լիբանանեան:

Գէորգ հասկցաւ ամէն ինչ: Բայց ի՝նի պատսախանէր: Թօթուեց իր կօչկակարական գոգնոցը եւ՝