Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/103

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Բայց մարդը, որ շարունակելի է, որ իր ամէն շարժումին մէջ ունի թատրոնը, որ ծնած օրէն, իր գոյութեան առաջին օրէն ունեցած է թատրոնը, պիտի պահէ զայն, չի կրնար չպահել իր զոյութեան վերջն է, ահա այսպէս:

Այսպէ՛ս եւ ուրիշ ոչ մէկ ձեւ: Թատրոնը չի մեռնիր, այլ կը զարգանայ, կ’ունենայ իր ելեւէջը, չ’ապրիր միշտ վերընթաց կեանքով, կ’ունենայ իր ձմեռները, որոնք մահուան խաբկանքն են եւ վերազարթումի, վերընձիւզման անորսալի պահերը այլ երբե'ք մահ:

Տիգրան գրպանէն հանեց գունաւոր թաշկինակ մը, սրբեց նախ բերնին երկու անկիւնները, ապա շրթունքները, ճակատը գլուխը: Քրտնած էր: Վերընձիւզած: Ինքն իր աչքին մեծցած: Ինքներով մեծցած: Փշուր մըն էր Տիգրան հրաշք աշխարհէն. արհեստաւոր մըն էր. հայ մըն էր. փշուր մըն մը հայ, փշուր մը հրաշք:

Եւ չպատասխանեցի: Ժամը երկուք էր; Վերմակը քաշեցի գլխուս եւ սկսայ մտածել թատրոնի մասին, թատերական ձեւերու փշուրով մը~ այսինքն պառկած:


ՊԱՂՏԱՏԻ ՇԷՅԽԻՆ ՎԱՆԴԱԿԸ

−Պաղտատ գացած էի:

−Պատմե՛, պատմէ՜, հետաքրքրական բան մը կ’երեւի պատմելիքդ, Աւետի՛ս:

—Այնտեղ երկու տարի լուսանկարչութիւն ըրի: Գործս լաւ էր: Այս ալ խօսելու ձեւ մըն, գիտե՞ս: Լաւը ո՞րն է, երբ աշխատաւոր ես: Աշխատաւորին շահածը աւանակի պոչին կը նմանի. ոչ կ՞երկարի, ո՝չ կը կարճնայ:

−Ա՞յս էր պատմելիքդ:

—Դուն գիրքի յառաջաբան չե՞ս կարդացած: Ասիկա՝ յառաջաբա՜նն է…

—Լա՛ւ, «գիրքը» տուր նայինք:

—Իրաւ անհամբեր ես եղեր: Ուրեմն Պաղտատի մէջ, օր մը, շէյխ մը մտավ մեր խանութը. այսինքն վարպետիս խանութը. լսած կ՚րլլաս, նշանաւոր Ֆոթոյ Արշակը. շէյխը ներս մտաւ ու անմիջապէս.— խաւաճա', ըսաւ այսօր տունս պիտի գաս. նկարելիք բաներ կան: Այսօր ո՛ր ժամուն, ըսի: Այսօր, այսինքն՝ հիմա՛ պատասխանեց շէյխը: Ես վարպետիս երեսին նայեցայ հարցական, վարպետս