Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/114

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Դեկտեմբերի վերջին սա օրերուն թէեւ ձմեռը կիսուած է բայց Տիգրան կ՚ուզէ իր Վահէին համար վերարկու մը գնել: Քսան խանութ կը մտնէ՝ յարմարագոյնը ընտրելու համար: Յարմարագոյն այստեղ կը նշանակէ աժանի մօտեցող: Բայց Նոր Տարին է, շուկայի առեւտրականները հին գայլեր են, գիտեն առիթէն օգտուիլ, տասնեակ մը քիլոմեթրի վրայ, բոլորը խօսքը մէկ ըրած են: Զարմանալի միասնականութիւն:

_ Ծօ Տիգրան, վանեցի մեր դրացին չըսա՞ւ քեզի թէ ձմեռուան համար պէտք եղածը ամառը գնես, իսկ ամրան պէտք եղածը՝ ձմեռը: Բնավւ հաչիւ ընել պինի չսորվի՞ս դուն:

_ Հաշի՛ւ, հաշիւ: Մեր այնթէպցի դրանից ալ քու վանեցիիդ ըսածը կրկնած է հազար անգամ. բայց եկուր տես, երբ շուկայ կ՝իջնես, ամառ ժամանակ ձմեռուան ապրանք կը փնտռես, մարդիկ վրադ կը ծիծաղին, «ժամանակը չէ» կ՚ըսեն, «այդ ապրանքները վերցուցած ենք» կ՚ըսեն:

Վերջապէս Տիգրան վերարկու մը գնեց Վահէին համար: Տօնածառ մը առաւ, ծառը զարդարելու պարագաները վերցուց, զանազան մանր-մունր նուէրներ:

Վահէն ուշի-ուշով կը հետեւէր հօրը շարժումնեերուն: Տիգրան չէր անդրադառնար թէ ամէն վճարումի ժամանակ քիթին տակէն կը մռլտար՝ «խէրը անիծեմ, ալ դրամ չմնաց, այս ինչ վիճակ է, տարիով աշխատիր, երկու ժամում մէջ ծաղսէ, այս ի՚նչ շան կեանք է, դրամ չմնաց»:

_ Է՜հ տղաս, - ըսաւ Տիգրան,- մնաց կօշիկդ, կօշիկ մըն ալ առնենք եւ վերադառնանանք տուն:

_ Ո՚չ,- մէկ անդամէն, անսպասելի, կարծրացաւ Վահեն,- կօշիկ չեմ ուզեր, ինծի կօշիկ պետք չէ, կը, ներկեմ կօշիկս եւ կ՚ըլլայ նոր:

_ Տղաս, կօշիկ մըն ալ առնենք եւ երթանք տուն,- կը ջանար համոզել հայրը որդին:

— Այնքան դրամ ծախսեցիր այսօր, հայրիկ, մէկ տարուան մէջ շահածդ երկու ժամէն վերջացաւ. կօշիկ չեմ ուզեր. ես որ մեծանամ, շատ դրամ կը շահիմ, այն ատեն միշտ նոր կոշիկ կ՚առնենք:

_ Եկուր եւ Նոր Տարին դիմաւորէ,- մռլտաց Տիգրան քիթին տակէն, եւ զգաց թէ քիթին ծայրը կը ցաւէր: Ցուրտէ՞ն էր թէ իր հարազատ տղեկին խօսքերէն: