Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/116

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ղեկավարութեան միտքը իրագործուեցաւ: Կրնայ՞ իրագործուիլ նաեւ այն՝ որ մարդը չդիմէ սուտին, խարդախանքին, չնախանձի, չիւրացնէ, չյափշտակէ եւ մասամբ նորին:

Բաց Առաջին Թուղթ Առ Կորնթացիսը Պօղոս Առաքեալէն Գլուխ ԺԵ· Համար 17 ու հոն պիտի կարդաս· — Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է:

Որքան իրա՛ւ է այս խօսքը, որքան ճի՛շդ: Ու ճիչդ էր ոչ միայն 1500 տարիներ առաջ երբ կը պատգամուէր այս միտքը, այլ ճիշդ է նաեւ այսօր, մեզի, ուսեալ մարդոց համար, քաղաքակրթուած մարդկութեան համար: Որովհետեւ մեծագործութիւնն է որ պիտի ստեղծէ հաւատքը, հաւատքին կրանիթեայ հիմը անգիտութիւնը չէ՛ այլ շօշափելի մեծագործութիւնը, այն ալ ոչ թէ մէկ անգամ կատարուած այլ շարունակական մեծագործութիւնը: Ինչպես որ մարդը կը դադրի ապրելէ սիրտի կանգառման հետ, ու կ՚ապրի այնքան ժամանակ որ սիրտը իր մեծագործութիւնը կը կատարէ, այնպէս մարդիկ կը հաւատան, ու կը շարունակէն հաւատալ միայն այն Ժամանակ երբ մեշագործութիւնը կը շարունակեի:

Ուշադրութիւն, մեծագործութիւնը հարիւր յիսուն յարկանի շէնքերու մէջ չէ, մէկ Ֆապրիքի մէջ կէս միլիոն մարդ աշխատցնելու մէջ չէ, տիեղերքը գրաւելու մէջ չէ, ասոնց հետ միաժամանակ մարդը աւելի եւս մարդացնելու մէ՛ջն է: Եթէ կ՚ուզեք մարդուն հաւատքը զօրացնելուն մէջն է մեծագործութիւնըեւ ոչ թէ զայն հաւատքի պարպելուն մէջ: Միայն Թովմասը չէր որ առանց շոշափելու չհաւատայ Քրիստոսի յարութեան: Հաւատաց այն ատեն երբ շօշափեց: Այդպէս է այսօր ամբողջ մարդկութիւնը, պիտի շօշափէ որ հաւատայ: Այդպէս էին նաեւ Քրիստոսէ առաջ: Նոյնիսկ երանելին Յոր երբ ենթարկուեցաւ բազում տանջաքներու ու զարմանալի համակերպումով, համբերութեամբ կրեց իր վրայ խուժող բոլոր տանջանքները, երկմտանքի րոպէ մը ունեցաւ Աստուծոոյ ոյժին նկատմամբ:

Մեծագործութիւնը, իրաւը, ճշմարտութիւնը պէտք է ըլլան այն հիւթալի ծաղկեփունջը որուն պիտի ձգտի հավատացող մարդը մեղրաճանճի նման: Ուր ա ըլլայ իրաւը, հաւատք մեղուն պիտի ձգտի այդեւ միայն ա՛յդ ծաղկեփունջին:


Եսկը հաւատամ: Կը հաւատամ տիեզե, վերջացուց իր ելոյթը բարեկամդ, կը հաւատամ մարդուն