Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/124

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այս տունին մէջ երիտասարդ չկայ: Երկու ծերեր են նստած վառարանի կողքին դէմ—դիմաց: Չեն ալ զրուցեր: Երբ ներս մտայ երկունքն ալ ոտքի ելան: Համբուրուեցանք: Լացին: Հինգ զաւակի ծնողք են: Հինգն ալ գաղթած են հինգ երկիր: Հայու ճակատագիր:

Սեղանին վրայ համադամ կերակուրեր կան, անուշեղէններ: Սեղանին վրայ հայրենիք մը կայ, նկարներ կան, իրենց զաւակներուն նկարները, թոռներուն նկարները:

Այս ծերունինները նկարներով Նոր Տարի կը տօնեն:

Ես իրենց տղաներէն երկուքին ընկերն եմ, անոնցմէ մէկը՝ Աբրահամը Համպուրկ կ՚ապրի, միւսը՝ Գէորգը, Լոս Անճելոս: Գերմանիա եւ Ամերիկա: Վիճակնին լաւ է, միշտ նուէրներ կը զրկեն իրենց ծնողքին, դրամ կը ղրկեն, ապահոված են լաւ բնակարանով, ամէն բարիքով:

— Տղաս, փոր մը հա՞ցն է կարեւորը, ձեռք մը հագո՞ւստն է կարեւորը: Մենք դպրոցի երես չտեսանք որ լեզուներ սորվէինք: Հիմա թոռներս ինծի ֆրասերէն, անգլերէն, գերմներէն բացիկներ կը զրկեն, որո՞ւն կարդալ տամ. հոս ու հոն կը վազենք: Նկարներ կը զրկեն: Նկարներով կը ճանչնամ զիրենք: Ես ի՚նչ պիտի ընեմ այս կեանքը:

Շատեր երանի կու տան մեզի. ձեր չոճուխները ձեզ չեն մոռնոր կ՚ըսեն, ճիշդ է, փառք Աստուծոյ իմիններս մոռացող դուրս չեկան, բայց եկուր տես որ հինգ զաւակի ծնողք, ահա որբի պէս կ՚անցընենք Նոր Տարիին: Ականջնիս դրան զանգին, կը սպասենք որ մէկը դուռը զարնէ, ներս մտնէ, զոյգ մը խօսք խօսինք հին—հին քրերէն եւ վերջն ալ կ՚ելլենք կը պառկինք:

Տուտու մայրիկ գնաց բերաւ նկարներու ալպոմ մը:

— Իշտէ մեր գանձն ալ այս է: Կը նայինք նկարներուն, կը նայինք, այստեղ Պօղոս հինգ տարեկան է, այստեղ Անդրանիկս ութ տարեկան, այստեղ Գրիգորը ինը տարեկան, Ալիսս տասնըերեքին մէջ է հոս, Հրաչս քսան է այստեղ, իր մեկնած տարին է:

— Շնորհաւոր Նոր Տարի, չոճուխներս,— ըսաւ ու փղձկեցաւ:

Իրեն միացաւ ամուսինը:

Ես ալ աչքերս սրբեցի:

Հայկական Նոր Տարի էր: