Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/126

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՎԱ՜Ն, ՄՈ՛ՒՇ

Մոռցած եմ այդ կուսակալին անունը. բայց լաւ կը յիշեմ որ Խարբերդ եկաւ կարճ ժամանակով:

Ինչպէս կ՚ըսեն, հովի պէս եկաւ, փոթորկի պէս մեկնեցաւ:

Մարդը Խարբերդի մէջ պաշտօնի կոչուելէ ետք Կիրակի առաւօտ մը ականջ կու տայ մեր եկեղեցիներու զանգերուն: Իր մօտ եղող Թիւրքերը կը հաստատեն թէ նորեկ կուսակալին դէմքը կը գունատի:

—Ի՞նչ կ՚ըլլայ ձեզի, պէ՝յ Էֆենտի:

—Չէք լսե՞ր,— կ՚ըլլայ պատասխանը, չէ՞ք լսեր թէ կեաւուրներու եկեղեցիներուն զանգերը ի՝նչ կ՚ըսեն:

—Դարերով այդպէս հնչած են այդ զանգերը…

—Ո՜չ, ո՜չ, ո՜չ: Ուրիշ ձայներ կը լսուին այսօր: Կեաւուր եկեղեցիներու զանգերը կ՚ըսեն՝ «Վա՜ն, Մուշ, Վա՜ն, Մո՜ւշ»…

Այստեղ, այս քաղաքը Ֆետայիներով լեցուն է. այդ Ֆետայիները իմ գլուխս կրնան ուտել. ես այս քաղաքին մէջ գործ չունիմ:

Իսկապես գործ չունէր:

Մեկնեցաւ:

ԲԵԿՈՐ ՄԸ

—Մալաթիայէն երեսուն երկու թուին եկայ Հալէպ: Հայերէն մեկ բառ իսկ չէի գիտեր: Պապ էլ Ֆարաժի մէջ հայ լումայափոխներ կային, որոնք թերթի վաճառքով ալ կը զբաղէին: Ամէն օր թերթ կը գնէի առանց կարդալ գիտանալու: Կարդալ կու տայի մեր դրացիին տղուն: Հոգիս լեցուն էր հայութեամբ: Կ՚ուզէի որ ականջս ալ լեցուէր, որպէսզի մայրենի լեզուս կարենայի սորվիլ: Տարիներով այսպէս շարունակեցի եւ ահա կը տեսնես թէ դպրոցի երես չըտեսած մարդ՝ ինչպէս է լեզուս:

Կարդացեր եմ Զօհրապի, Րաֆֆի, Ահարոնեանի, Մուրացանի բոլոր գործերը: Չորս զաւակ մեծցուցած եմ: Բոլորն ալ ընթերցասէր են: Կը նստիմ ու կը վիճիմ իրենց հետ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարս»ին մասին, կը վերլուծեմ «Նաւը լերան վրա»ն:

Երբ կը խօսէր եօթանասունին բարեւ տուող այս կատաղի հայը, իմ աչքիս առջեւ կու գային ընկերներէս անոնք որոնք ջարդ չէին տեսած, անապատ չէին տեսած, զուլում չէին տեսած եւ իրենց