Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/127

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մօր կաթին հետ հայէրեն լեզուն էին խմած ու յետոյ հայկական երկրորդական ուսումի տիրացած:

Ոչ միայն այսքան: Այդ ընկերներէս մէկ-քանին բանաստեղծութիւններ ու պատմուածքներով կը ստորագրէին մեր մամուլին մեջ. հայրենասիրութիւն կը քարոզէին: Բոլոր տուեալները ցոյց կու տային թէ այս տղոց հոգիները լեցուն են հայկականութեամբ:

Բայց նոյն այդ տղոցմէ ոմանք, որոնց հետ «Իբրեւ Արծիւ» կ՚երգէինք Արեւելքի այս քաղաքներուն մէջ, այսօր մեկնած ըլլալով Արեւմուտք, Մեսրոպեանը չէ խօսիր: Նոյն այդ տղաքը նոյնիսկ բաժանորդ չէն հայէրեն որեւէ թերթի՝ աջ կամ ձախ:

Երեանի՜ թէ մեր հայրերը Մալաթիա մնացած ըլլային, տղաք, եւ դուք 32 թուին փախչելով Թիւրքիայիէն կյանք հաստատած ըլլայիք Հալէպի մէջ: Այն ատեն գուցէ Կոստան Զարեան կը կարդայինք...

ՀԻԻԱՆԴԸ

- Յատուկ ուսուցիչ մը ալ բերինք: Արաբերէն լեզուի համար յատուկ ուսուցիչ մը: Այս տարի մեր տղան պաքալորիա պէտք է առնէ: Բայց եկուր տես որ աշխատած չունի: Կատաղութիւնս կը բռնէ. ուղղակի կը կատղիմ: Ի՝նչ պէտք է ընենք այս նոր սերունդին հետ…:

Ծո՝, կ՚ըսեմ, լակո՝տ, սորվէ՜, սորվէ՜, սորվածդ ինծի համար չէ, քեզի՝ համար է: Ոչ մեզի հանդէպ պատկառանք ունի, ոչ դպրոցին եւ ուսուցիչներուն:

Տղա՛ս, ի՞նչդ պակաս է, կ՚ըսեմ իրեն, տունը հաց չկա՞յ, միս չկա՞յ, պտուղ չկա՞յ: Ի՞նչդ պակաս է, հագո՞ւստ չունիս, կօշի՞կ չունիս, ի՞նչ ուզած ես ու չենք առած. ըսէ՝, սիրտդ ի՝նչ ուզած է ու ես մուրազի պէս չեմ հասած քեզի, ըսէ՝: Չի խօսիր, դասերը չի սորվիր: Չ՚աշխատիր մարդը: Ինչ ընելիքս շուարած եմ:

Ծո՛, կ՚ըսեմ իրեն, երբ մենք փոքր էինք, տարագրութենէն ծլած անարեւ ծաղիկներու նման էինք, դալկահար: Կօշիկ չունէինք, այլ՝ հին սանտալ, հագո՞ւստ… առանց կարկտանի հագուստ չէ տեսած մեր կռնակը: Դպրո՞ց, հազիւ տեսաւ մեր սերունդը: Ինչ դպրոց երթալ էր մերը. երբեմն մատիտ չէինք ունենար, երբեմն՝ տետրակ ու յաճախ գիրք: Մէկ գիրքէն չորս—հինգ հոգի դաս կը սորվէինք: Ալ չեմ խօսիր այն մասին որ շատ անգամ անօթի կ՚երթայինք դպրոց, շատ անգամ կէսօրուան ճաշին համար կ՚ունենայինք մեկ շոր