Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/134

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ըսէ՝ք գեղեցիկ չէ՞ կեանքը Արեւելքի մէջ:
Ըսէ՛ք՝ Արեւմուտքի մէջ ի՞նչ կ՚ընեն մարդիկ:
Ահա այապէս օրերը կ՛անցին:


ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ընկերս էր: Միասին կը քալէինք փողոցէ մը որուա երկու եզերքներուն վրայ առեւտրական տուներ շարուած էին բոլորն ալ «հրաամմեցէք» ըսող բաց փեղկերով:

—Միտքս բան մը ինկաւ: Կ՚ուզեմ մեր Սիրոյշը ուրախացնել:

Սիրոյշը ընկերոջս կինն էր:

—Ինչո՞վ:

—Շատ չնչին բանով մը: Երկու օր առաջ նկատեցի թէ մեր լուացքի մեքենային քամիչը հինցած է: Այս խանութէն երկու քամիչ առնեմ ու տանիմ տուն: Ուշադրութեան հարց է. կ՚ուրախանայ: Վեց սիւրիականով այնքան ուրախութիւն պիտի պատճառեմ իրեն զոր չեմ կրնար բացատրել:

Վաճառատան տէրը արաբ էր:

Բարեւեցինք արաբերէնով: Թէեւ ես համոզուած եմ որ բարեւը բոլոր լեզուներու մէջ նոյնն է, ինչպէս «սիրեմ«ը:

Վաճառառատան տէրը արաբերէնով առաւ մեր բարեւը. ինծի այնպէս թուեցաւ թէ հայերէն պատասխանեց:

—Երկու քամիչ,— ըսալ ընկերս,— լուացքի մեքնայի համար, եթէ կարելի է թիւ 11 ըլլայ:

—Աչքիս վրայ: Գինը վեց ոսկի է, բայց ես ձեզմէ հինգ ոսկի պիտի առնեմ, որովհետեւ առաջին ապրաանքն է որ կը վաճառեմ առաւօտուն. սիֆթահս (առաջին վաճառում) ձեզմով պիտի սկսի:

—Բարի սիֆթահ ըլլայ:

—Շնորհակալութիւն, հազար բարով եկաք:

Ընկերս երկարեց տաս սիւրիականնոց մը:

—Մանրուք չունի՞ ք, պարոն:

—Կը ցաւիմ:

—Ներեցէք վայիկեան մը. երթամ տասնոցը մանրեմ գամ:

—Եթէ կ՚ուզէք, մենք վաժառատունէն դուրս ելլենք…

—Ի՜նչ կ՚ըսէք, պարոն, վաժառատունս պիտի չալկէք տանի՞ք,


































րս,—