մեր քաղաքի հռչակաւոր դերասան՝ պարոն Սեւմանուկեանը, սքանչելի մենակատար, անակնկալ մը պատրաստած է մեզի այսօր:
Լեւոն բարկաճայթ.
—Ծո՛ հտպիտ, քէզմէ լաւ դերասա՞ն, ուսում ալ ունիս, մէյ մը դեմքիդ նայէ, ճշմարիտ հտպիտ, մէյ մը պարէ, քեզի հի՛նգ թուղթ տամ:
—Չէ, եկուր դուն իմ կօշիկներս ներկէ, ես քեզի ոչ թէ հինգ, այլ՝ յիսո՛ւն ոսկի կու տամ:
—Ծօ դուն յիսուն ոջիլ չունիս, ոչ թէ յիսու ոսկի:
Ասատուր գրպանէն հանեց յիսուննոցը եւ առագաստի նման պարզեց Լեւոնին քահքահին դիմաց:
—Ծօ, յիսուննոց ունի եղեր սա անօթի շունը, վալլահի կը ներկեմ կօշիկդ, կը ներկե՛մ կը ներկե՛մ:
—Բեր սա անկիւնի ներկարարին ներկատուփը, ներսէն ալ աթոռ մը, սանկ փառաւորապէս նստիմ ու դուն ներկէ՜ կօշիկներս, ներկե՜ ու սա յիսուննոցը հալա՜լ ըլլալ քեզի:
Սեւմանուկեանը իր մեթրանոց քայլով կարծես թռաւ փողոցին անկիւնը, յափշտակեց գրեթէ քիւրտ Ահմէտին ներկատուփը ու եկաւ կագնեցաւ Ասատուրին դիմաց:
—Բեր, ներսէն աթոռ մըն ալ բեր:
Ներկաները կը հռհռային եւ՝
—Իրաւ պիտի ներկես պարոնԱսատուրին կօչիկները:
—Հապա ինչ կարծեցի, ծայրը յիսուն լիրա կայ:
—Դուն յայտնի վաճառական անիկա՝ պարզ ուսուցիչ:
—Մարդը վաճառական է, ճիչդ իր գործը կ՚ընէ, մէկ վայրկանէն յիսուն ոսկի պիտի չահի. ձգեցէք զինք իր գործին:
Ասատուրին խնդուքը ոչ ոք կը լսէր, երանութեան մեջ էր հայ ուսուցիչը:
—Տուր նայիմ աջ ոտքդ:
—Տուր ըսելու վարժուած ես. ա՛ռ:
Լեւոն սկսաւ ներկել:
Հազիւ վերջացուցած էր աջ ոտնամանին գործը երբ մեր նորելուկ ներկարարը զարկաւ ներկատուփին, այսինքն՝ երկարէ միւս ոտքը:
Ասատուրը անշարժ էր:
-Ծօ երկարէ միւս ոտքդ: