Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/35

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Սիրելի՛ս, հոգեա՜կս, կապո՜յտ թռչունս իմին, թռի՜ր, ու թեւերուդ վրայ Վարդանը՝ եկուր Հայրենիք...: Շո՛ւտ եկուր: Ես արդէն բնակարան ստացած եմ, կ՚աշխատիմ , եկուր, լաւ կ՚ըլլանք:

Ու կու գար պատասխանը.

—Դուն զիս խաբեցիր, դուն փախար ինձմէ, դուն խօսք տուիր մեկնիլ որպէս զբօսաշրջիկ, քննել երկրին պայմանները ու մեզ տեղեակ պահել որպէսզի միասին որոշում առնէինք...

Ինչո՞ւ կը դժբախտացնես մեզ, ինչ՛ու. չէ՞ որ մենք որեւէ վատութիւն չենք գործած քեզի հանդէպ:

Վերադարձի՜ր, սիրելիս վե՛րջ տուր այս չար կատակին: Հայրենքի է, ես ալ համաձայն եմ քեզի հետ. հայրնիք. գացիր տեսար, արդէն տարի մըն ալ մնացիր այդտեղ, վայելեցիր, վերադարձի՜ր…»

Ու այդպես, տարին միայն մէկ, բայց նամակները տասնեակ ու տասնեակ գացին ու եկան տխրութիւն ծրարած իրենց տողերուն մէջ, արցունք ծրարած, կարծրութիւն, չքմեղանք, հրաւէր, մանաւանդ երկկողմանի վերադարձի՜ հրաւէր:

Ի վերջոյ Թագուկ զիջեցավ որպէս թուրիսթ Հայաստան գալու:

Խաչիկ իրեն համար յաղթանակ մը սեպեց այս քայլը, շաբաթներով պատրաստուեցաւ դիմաւորելու իր կինը: Տունը մաքրեց, փայլեցուց, շողացուց: Բարեկամներու լուր տուաւ: Տունին մէջ բարեզարդումներ կատարեց, ոյժը չէր ներեր, պարտք ալ ըրաւ, դե՜հ, կ՚աշխատէր ու կու տար, ինչ էր որ: Իր առաջին գիրքն ալ մամուլի տակ էր: Ինչ կ՚ըլլար եթէ կնոջը եկած օրերուն հրապարակ ելլէր գիրքը, թե՛ պարտքերը կը մուծէր, թէ՛ ձեռքին ծախսեիք դրամ կ՚ունենար եւ թէ՛ ալ իր Թագուկը աւելի դիւրութեամբ կը համոզէր որ մնար Հայրենիքի մեջ:

Բարեկամներ գտնուեցան, որոնք միջնորդեցին Հայպետհրատի մօտ: Քանի Խաչիկին գիրքը ընդունուած է հրատարակութեան, կարելի չէ՞ արագացնել տպագրութիւնը:

Թագուհիին ժամանումէն առաջ հեռագիր մը եկաւ:

Խաչիկը ալեկոծուած էր: Գիրքին վերջին էջերը կը տպագրուէին: Որքան պիտի ուզէր որ օդանաւակայան տարած ծաղիկներուն հետ իր հայրենական առաջին գիրքն ալ մատուցանէր կնոջը:

Այդպէս չեղաւ:

Թագուկ ու Խաչիկ քանի մը օր չխօսեցան զիրենք այրող նիւթին շուրջ: Կերուխումներ, պտոյտներ դէպի տեսաժան վայրերը,