Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Գէորգ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յարմար տուն մը գտնելու պարագային փոխադրուիլ: Ինք ալ կ՚ուզէր շենք—շնորհք կեանք մը ապրիլ, ինքն ալ կ՚ուզէր իր կինն ու զաւակները կանոնաւոր բնակարան մը փոխադրել:

—Մեր շէնքէն,— ըսաւ Մելքոն,— յարկաբաժին մը կը պարպուի, երրորդ յարկաբաժինը: Ես չորրորդ յարկաբաժինը ունիմ, գիտես, տան տիրոջ հետ խօսեցայ, համաձայն գտնուեցաւ որ ես փոխադրուիմ երրորդ յարկ ու վարձակալ մը գտնեմ չորրորդ յարկին:

Անմիջապէս դուն միտքս ինկար: Սա փառաւոր առիթ մըն է որ մեր ընկերութիւնը աւելի սերտանայ. միշտ միասին կ՚ըլլանք, մեր զաւակներն ալ իրարու հետ օրինակելի ընկերութիւն մը կ՚ունենան, մեր կիներն ալ իրարու կ՚օգնեն. մէկ խօսքով ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ:

Ճի՛շդ էին Մելքոնին ըսածները: Գէորգ համաձայն գտնուեցաւ: Միայն թէ ըսաւ, Մելքոն, նախկին վարձակալը, որ քրիստոնեայ արաբ մըն է, հազար լիբանանեան կը պահանջէ գալիք վարձակալէն:

Մելքոնին ձայնին մէջ տխուր շեշտ մը կար երբ կը ներկայացնէր նախկին վարձակալը որ 1000 լիբանանեան կը պահանջէր տան բանալիները յանձնելու համար.— Տարօրինակ մարդ է, կ՚ըէր, տարօրինա՜կ մարդ, իրեն հարիւր հազար լիբանանեան թղթոսկի ժառանգ ինկաւ, փառաւոր վիլլա մըն ալ հետը Ռաս Պէյրութի կողմերը, ալ ի՞նչ պիտի ընէ սա հազար ոսկին. իսկապէս որ մարդիկ ագահ կ՚ըլլան:

Ճիշդ էր Մելքոնին ըսածը: Մարդիկ ագահ կ՚ըլլան, մտածեց Գէորգ, բայց առիթ մը ստեղծէ իրեն համար որ երթան ու այդ մարդը տեսնեն. գուցէ կէսը զիջի իր բախտաւորուելուն առիթով:

Մելքոն համաձայն չեղաւ: Գէորգ հազար ոսկին յանձնեց ընկերոջը, եւ ձեւակերպութիւնները լրացնելէ ետք, փոխադրուեցաւ իր նոր բնակարանը:

Որքա՜ն իրաւացի էր Մելքոն: Երկու հին ընկերներ միշտ իրար հետ էին ալ: Յաճախ միասին կ՚ուտէին: Տիկինները անակնկալ կարկանդակներ կը պատրաստէին: Երեխաները մտերմացած էին: Վերջապէս, ի՜նչ լաւ ըրած էին անսալով Մելքոնի առաջարկին. ինչպե՜ս երկար տարիներ Գէորգ դուրս չէր եկած իր քեմբի տունէն, զարմանալի՜ երեւոյթ, ի՛նչպէս:

Գէորգ կը սիրէր երկար աշխատիլ, իր ճակտին քրտինքովը ապրիլ: Այնքան կը տարուէր աշխատանքով որ յաճախ կը մոռնար