Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/49

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

սափրուիլ: Ու երբ օր մը կօշկակար բարեկամ մը Գէորգին առաջարկեց սափրուիլ սանճագցի սափրիչ Հայկին, համաձայնեցաւ անմիջապէս քանի որ Սափրիչ Հայկ գործատեղի չունէր, պայուսակ մը ունէր ձեռքին ու կը շրջէր, ինք էր որ իր յաճախորդներուն մօտ կ՞երթար:

Գէորգ ալ փրկուած էր սափրիչի երթալու, կարգ սպասելու տաղտուկէն, կնոջ գանգատներէն, որուն երփեմն Մելքոնն ալ կը միանար, տեսնողը ի՜նչ կ՚ըսէ, լեռնէն եկածի պէս ես, սափրուէ՛: Ալ սափրիչը իր ոտքին պիտի գար:

Ու Սափրիչ Հայկ, որ կատակասէր ալ մարդ էր, ատենը անգամ մը երեւնալով Գէորգին աշխատած կօշկակարատան մեջ ո՛չ միայն այն մարդիկը կ՞ազատէր իրենց աւելորդ մազերէն, այլ նաեւ մտահոգութիւններէն: Իր գալը ուրախ ծիծաղ մը կը բերէր խանութին:

Այդ օրերուն, վարպետ ու աշակերտ ու խալֆաներ կը խօսէին Գէորգին նոր բնակարանին մասին: Սրամտութիւններ կ՚ընէին:

Սափրիչ Հայկ չէր կրնար չմասնակցիլ այն խօսակցութեան, որուն մէջ սրամտութիւն կար: Ի վերջոյ, սափրիչը հասկացաւ Գէորգին բնակարանին տեղը եւ, ո՜վ զարմանաք, ըսաւ թէ այդ բնակարանին նախկին վարձակալը իր յաճախորդն էր:

Գէորգ պատմեց թէ ի՚նչպէս հազար ոսկի ֆրուղ տուած էր այդ մարդուն որպէսզի կարենար այդ տունէն ներս մտնել: Հարիւր հազար ալ ժառանգ ունեցած է, առաւել վիլլա մը, բայց մարդիկ ծակաչք կ՝ըլլան, ու ստիպուեր էր հազար ոսկի ֆրուղեն զատ հազար մըն ալ կանխավաճար տալ, հինգ հարիւր մըն ալ տունին ներկուելուն եւ մաքրուելուն վրայ ծախսել եւ իյանալ պարտքի տակ:

Սանճագցի սափրիչը ձայն չհանեց:

Ուղիղ գնաց Միւսիւ Նիքոլան տունը, այդպէս էր մարդուն անունը: Միւսիւ Նիքոլան պետական պաշտօնատան մը մէջ կ՚աշխատէր:

Գնաց եւ առանց այլեւայլի ըսաւ.— Յարգանքներս միւսիւ Նիքոլա, նոր ծանօթացայ նախկին բնակարանիդ նոր վարձակալին. մարդ իր գլուխը յանձնած է ինծի, ինչպէս երկու շաբաթը անգամ մը դուք ձեր գլուխը կը յանձնէք քնքուշ ձեռքերուս, այսինքն Գէորգին ալ սափրիչն եմ: Խեղճ մարդը հասարակ կօշկակար մըն է, ուղած է ձեզ տեսնել, որ հազար լիբանանեան ֆրուղը իջեցնէք հինգ հարիւրի, բայց չէ կրցած, վճարած է հազարը, հազար մըն ալ մէկ տարուան վարձքը կանխիկ, հինգ հարիւր մըն ալ տան ներկին, ծեփին, ու