Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/53

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Այդպես չէ, այդպես չեմ կարծել, եթե քու մտածածիդ պէս ընէի, Մելքոնին իսկութիւնը յայտնի պիտի ըլլար միայն քեզի եւ ինծի: Կը հասկնաս՞, միայն քեզի ու ինծի: Ես աւելի յարմար առիթ մը պիտի գտնեմ զինք խայտառակելու համար ո'չ թէ երկու հոգի, ո՛չ թէ քսան հոգիի, այլ երկու հարիւր եւ աւելի մարդոց առջև:

Հիմա հասկցա՞ր, պարոն Գէորգ…

Գէորգ դուրս ելավ. գինովի պէս էր:

Մինչեւ խանութ քալեց, կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուշ եկաւ գործի:

Ընկեր մը կորսնցուցած էր. ընկերոջ մը թաղումէն կու գար...

Հալեպ 1972