Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/62

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Հնձաններ եւ սէր


Դուք գտնուա՞ծ էք հնձաններու մեջ: Տեսա՞ծ էք ձիթապտուղին ճզմուիլը դառնալու համար այն ոսկեգոյն հեղուկը, որ ջուրին վրայ հոսելու պարագային կը մնայ անոր երեսին ու կը փալփլի արեւի ճառագայթներուն տակ որպէս թէ ինք ըլլար ճառագայթներ արձակողը:

Դուք գտնուա՞ծ էք հնձաններու մեջ: Տեսած՞ էք խաղողի ողկոյզներուն ճզմուիլը մարդոց կարմրած, խնձոր դարձած կրունկներուն տակ: Այդ ճզմումին ձա՜յնը. քրտնաթոր մարդը, որ կարծես արեւ կը ճզմէ ու իր քրտինքէն կաթիլներ ալ կը հոսին այն հեղուկին մէջ, որ պիտի դառնայ գինի՝... Ու դուք գիտէք որ քրտինք ալ աղի կ՚ըլլայ:

Ու դուք նաեւ գիտէք որ այդ արեւը խմելով մարդիկ... կը գինովնան: Ըսէ՚ք, արեւ խմողը ի՜նչպէս չգինովնայ:

— Բո՚զ: Բոզ՚ ես դուն. ուրիշ ոչինչ:

Արփիկին աչքերը արնակալած էին: Լացը չէր հանգստացուցած զինք, ինչպէս կը հանգստանան ամպերը տեղատարափէ մը ետք: Չէ՚ր հանգստացած: