Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/63

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

-Գէո'րգ, դուն գետես թէ ի՝նչ կ՚ըսես, գետե՞ս թէ ի՛նչ կ՚ընես այս վայրկեանին: Գետե՞ս բառերուդ ծանրութիւնը, ահաւորութիւնը: Գիտե՞ս թէ դուն մարդասպանի մը դերին մէջ ես, մարդասպանի՝ որ քիչ յետոյ արնաշաղախ սա դիակը տեսնելով, զոր ես պիտի ըլլամ, կրնամ ըլլալ, եմ կարծես, դիւահարի պէս պիտի դուրս փախչիս ու դուն ալ խենթանաս… Գիտե՞ս որ երկու աշխարհ կը փլես մէկ ու միակ բառով մը…

Արփիկ կծկուեցաւ մահճակալին ծայրը, գլուխը առաւ ափերուն մէջ, խածաւ շրթերը, առատ մազերը խոնարհեցան, ծածկեցին փայլատակող աչքերը, ու պահ մը կարծես տիրեց յաւիտենական լռութիւն…

Գէորգ մեկուսի, կանգնած էր ոտքի, ձեռքերը կռուփի վերածած, ու կը հեւար ի՛ր իսկ տուած հարուածէն, զոյգ հարուածէն:

Ձեռքերը քիչ մը թուլցան, բացաւ աջ ձեռքին մատները եւ տեսաւ թէ կարմրած էին անոնք հարուածին ուժգնութենէն, ու կը ցաւէին:

—Անիծեալ աղջիկ,— մռլտաց,——այնքան պինդ—գլուխ է որ իմ տուած հարուածէս իմ ձեռքս ցաւեցաւ, այնքա՜ն որ պիտի կոտրուէր կարծես: Անիծեալ աղջիկ, պիտի անիծեմ ծովեզերայ քաղաքին այն փողոցը, ուր ժամադրուեցայ իեն հետ առաջին անգամ:

Արփիկի սիրտին ծովը ալեկոծեցաւ: Ու ալեկոծեալ ծովը մէկ րոպէի մէջ քանդեց այն թումբը, որ կը պաշտպանէր իրմէ իսկ խլուած հողը… ու գրոհեց:

—Չե՞ս ամչնար, ես քու շամշալուդ համար կ՚ամչնամ, ա՞յս էր քու իսկական պատկերդ, ըսէ, Գէորգ, ա՞յս է քու իսկական պատկերդ: Այս պահը քանդակել չեմ ուզեր, չեմ ուզեր հաւատալ այս պահին, կ՚ուզեմ որ յիշողութեանս անթէնները կոտրուին սա պահուն ու չարձանագրեն քեզ, քու գլխիվայր շրջուած սա հոգեդիմանկարդ ուղեղիս բջիջներուն մէջ, քանի որ դուն քսաներորդ դար ու տղայ, դուն համալսարան քանի մը տիպլոմներով զինուած տղայ, փողոցի լեզուն կը գործածես, փողոցի՛ լեզուն. ու ես, հաւատա, այն դիւրաբեկ աղջիկը չեմ որ լռեմ, այո՛, հիմա կը հասկնամ թէ իմ կողմէս լռելն է բոզութիւնը. ես պիտի պաաշտպանեմ զիս ամենէն առաջ ու ինծիհետ նաեւ քե՛զ, այոխ, քեզ որ անպաշտպան ես տաշեղի մը նման, նապաստակի մը նման, կրիայի մը նման. ի՜նչ կ՚ըսեմ, այս րոպէին դուն աշխարհի ամենէն թոյլ արարածն ես ու պէտք ունիս ի՛մ, Եւայի մը պաշտպանութեան:

—Լռէ՛, լռէ՜ կ՚ըսեմ, քած, պիտի կտրեմ այդ քու կտրուելիք լեզուդ, պիտի կտրեմ: Արդէն այդ լեզուդ է որ ջիղերս թունդ կը