Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Քիչ առաջուան պատկերէդ լաւ է. տեսա՞ր որ կարծածիդ չափ ալ դժուարահաճ չեմ:

Այդ երեկոյ երկու հետախոյզներ զիրար ճանչցան: Ալիքներու ճանապարհը զիրենք տարաւ մանկութեան աշխարհը, դպրոց, համասարարան, նախասիրութիւններ:

Նախապարաստական աշխատանքը կատարուած էր:

Սկսաւ հովուերգութիւնը:

Ժամադրութիւններ իրարու կը յաջորդէին: Գրականութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, հիփփիական շարժումը կը քննարկուէին, Նիցշէ մը ամբաստանեալի աթոռին վրայ կը նստէր, Մարքսը գեղեցիկ գիրք մը գրած էր, բայց… Բայց երկար վէճեր: Տղան ամերիկեան գրականութիւնը կը սիրէր, աղջիկը՝ ֆրանսական, բայց չէր մոռնար արտասանել նաեւ Վահագնի ծնունդը ու հնչեղ խնդուքով մը կ՚աւելացնէր.— Չէի գիտեր թէ գեղեցիկ պեխերով Գէորգի մը ծնունդն էր ինծի վիճակուելիքը:

Ծովեզերք:

Ինչո՞ւ սիրահար զույգեր կը սիրեն ծավեզերքը: Գէորգ ու Արփի իրենց ծանօթացումէն օրեր ետք նստած են «իրենց» նստարանին վրայ եւ ծովը կը դիտեն: Երեք ծով իրար խառնուած են: Այդ միտքը կ ունենան երեք ծովերն ալ: Ու երեք ծովերու այդ միախառնոմէն կը ծնի առաջին համբո՜յրը, ո՜չ, կկը ստորադրուհի յաւիտենութեան անցադիրքը Միջերկրականի ստորադրութեամբ: Ո՚չ: Այս մէկը երզ չէ արդէն: Արագ պառաւ մըն է պոռացողը, Սաիտ Աքլի սքանչելի լեզուն պատառոտողը:

— Անկիրթնե՚ր, անպիտաննե՚ր, չեն ալ ամչնար, թո՜ւ, ասոնց նայեցեք, ժողովուրդին առջեւ կը համբուրուին, թո՚ւ, անամոթներ, տակաւին նստած են...

Գէորգ եւ Արփիկ ոտքի կ՚ելլեն անմիջապէս ու կը սկսին հեռանալ արտորոնք:

Վերջալոյս է: Արեւը ուր որ է պիտի իջնէ, պիտի սուզուի Միջերկրականի մէջ, կնոջ, արաբ կնոջ կատուի ճանկ ներկայացնող ձայնը տակաւին միջոցը կը ճանկոտէ ու միջոցին հետ մեր զոյգին ականջները, բայց Արփիկ ու Գէորգ գրեթէ կը վազեն, կը վազեն դէպի արեւը, ծովուն ու արեւուն հետ նոյնանալու:

Հետեւեալ օևրերուն այս միջադէպը կը պատմեն ու կը խնդան:

—Մեր լուսաւոր ճամբան շոռշտուքով սկսաւ: