Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

առանձին պիտի ըլլանք: Յետոյ, մի՞թէ մենք երկու հոգի ենք, չէ՞ որ դուն ալ կ՚ընդունիս որ աշխարհներ ենք մենք, երկու աշխարհ, որ պիտի վերածուի մ՛էկ համաստեղութեան:

—Մենք տարբեր ենք. տարբեր աշխարհները չեն կրնար միանալ, նո՛յնը ըլլալ. չե՛ն կրնար հոգիս կը վկայէ որ չեն կրնար:

—Կրնա՜ն ձագո՜ւկ:

Ու Գէորգին ձեռքը կ՚ըլլայ քնքուշ օղակ, բառերը կ՚ըլլան այն ոսկեփոշին, որ պիտի ծաղկում տայ ծաղիկին, բոյր տայ, աճում տայ, տայ, տայ, տայ…

—Ձգէ՜.

—Անո՛յշս…

Երկու լեզու, կարապի երկու վիզ ութը կը գրեն միջոցին մէջ, հոգկներու մէջ: Հնձաններու գինին կ՚եռայ, սիրտերը կը ճմլուին, արիւնը բոլոր ուղղութիւններով իր անյաղթահարելի վազքին մէջ մրցումի կ՚ելլէ ժամանակին հետ ու երկու մարմին սենեակի մը առանձնութեան մէջ մարդկութեան շարունակելիութիւնը կը հաստատեն, սերմանող ու հող՛ երջանիկ հանդիպումի մը պատճառ կ՚ըլլան ու ցորենը ատոք մեռնի, որպէսզի ծլի՜…

Միայն մրմունջներ կը լսուին: Անձայն փոթորիկ մը միջոցը կը լեցնէ:

Տեղատուտթեան րոպէները նախ կ՚ըլլան տխուր, ապա ամպամած երկինքը արեւի ճառագայթներով կը կիսուի ու ժպիտ մը կը ծաղկի նոր այս մարդերուն դիմագիծերուն վրայ:

Աշխարհը այդ օրը աւելի արագ կը դառնայ արեւին շուրջ: Ամէն ինչ մէկ անգամէն կը պայծառանայ:

—Քեզի չըսի՞ թէ պիտի կտրեմ այդ լեզուդ, օձի՛ լեզուդ:

—Ի՛նչ իրաւունքով եւ ինչո՛ւ համար:

—Լռէ՛, կ՛ըսեմ, լռէ՛, պիտի խենթացնես զիս, մարդասպան պիտի դառնամ քո՛ւ երեսէդ:

—Ի՛նչ է յանցանքս: —Լեզո՛ւդ:

—Ա՞յդ է անուանարկիչ խօսքերուդ պատճառը: Խպնիլը անծանօ՞թ զգացում է քեզի համար: Գէո՝րգ, խելագա՝ր տղայ յիշէ՛