Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/80

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Լաւ, լալ կ՚օգնիէ՞ ձեզի: Բանակին բանուկ ճամբան կը փակէ՞...

Ախ, ե՜րբ պիտի վերջանան սա պատերազմները, երբ պիտի վերջանան որ ա՛լ բանակի պէտքը չզգացուի:

Այդ օրը հեռու է, շատ հեռու, մայրի՛կ. ոմանք կ՚ըսեն թէ այդ օրը հորիզոնին վրայ է երջանկութեան նման: —Ուրեմն, տոքթո՛ր, կը մտածես թէ պատերազմները չե՞ն վերջանար: Ի՞նչ պատասխանէի: Ես լաւը կ՚ուզէի թելադրել: Ինչպեէ՜ս խաբէի այս անոյշ հոգին...

Լռութիւնս ոչինչ ըսալ իրեն: Աչքերուս նայելով վճռական պատասխան մը կ՚ուզէր: Բայց ես շարունակեցի լռել: Կը մտածէի պատասխանել, բայց պատասխանի փոխարէն սկսայ ծխել…

—Պէյրութ պիտի ղրկենք չոճուխս, այնտեղէն ալ թող երթայ Գանատա, թող երթայ ապագան շտկե, թող ինք լաւ ըլլալ ի՞նչ կրնանք ընել, հայուն ճակատագիրը չի փոխուիր…

—Այդ ի՝նչ ապագայ է, մայրիկ, որուն մասին կը խօսիս: Երբ զավակդ քեզմէ հեռու է… դուն ալ գիտես թէ հեռուներու մէջ շուտ կը մոռցուի բարուրէն բարձրացող մեզի գոլորշին… Դուն հայէրեն օրօրեցիր չոճուխդ, որպեզի ինքն ալ իր կարգին հայերեն օրօրել տայ իրմե գալիք Հայկը, Հրաչը, Ծովակը…

Բայց Գանատայի մեջ քու տղայէդ Արտակ կը ծնի, Վանուհի՞ կը ծնի… կը մոռցուի բարուրը: Կը մոռցուի Սուրբ Մերսրոպը: Այդ ապագան այս ներկան մոռցունել կու տայ: Ըսէ, մայրի՚կ, աւելի լաւ չէ որ տղադ մնայ այստեղ, մնայ բանակի մեջ, բայց մօտիկդ: Գիտես որ գոնէ ատենը անգամ մը մօտդ կու գայ ծանր զինուորական կօշիկներով, կը համբուրես զինք, ինք, գուցէ, առնական տղայ փորձէ թեքել իր առիւծի գլուխը, հայու գլուխը, բայց դուն հասակին նայելով անգամ կու լաս, զարմանալով թե ի՜նչ շուտ մեծցալ բարուրեն այս տղան… ըսէ, ալելի լալ չէ՞…

-Լալ է, հազար անգամ աւելի լաւ: Բայց ահագին ծախսեր ըրած ենք, մարդ տեսած ենք, խնդրած, աղաչած, արցունք թափած որ ունենք իր փասփորթը, իր ապագային մասին մտածած ենք, մենք մեզ մոռած ենք:

— Այդ ապագան… մեզ կը մոռնայ, մայրիկ եկուր մի կորսընցներ ապագան, երբ ձեռքերուդ մեջ է ան: