Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տակաւին չէ չորցած արիւինը վաղամեռ Պարոյր Սեւակին, որ կրնայ պատիւ բերել ոեւէ ժողովուրդի, անշուշտ քու աչքիդ բանաստեղծ չէ նաեւ Յովհ. Շիրազը, որ կը մռնչէ որպէս վիրաւոր առիւծ երբ իրմէ վայրագօրէն խլած են Մասիսը, Անին եւ ամբողջ ինը տասներորդը Հայաստանի:

Բանաստեղծութիւն չունի՜նք, բերնի ծամոց դարձուցած էք այս խօսքը դուն ու քեզմէ շատ առաջ որոշ զարգացած ու մեծ մտաւորականներ, որոնք իբր թէ աւելիին բաղձանքէն մտրակուած՝ եղածը քամիին կու տան…

Ո՛չ բարեկամ, կ՚արդիլինք ձեզի այս ժպիրհ ժպրհանքը. հայր բանաստեղծութիւն ունեցած է, ունի այսօր ալ Համոյ Սահեաններ կը ծնի հայրենիքը, ու վաղն ալ պիտի ունենայ:

—Թակոր չունինք:

—Հնդկաստանն ալ Չարենց չունի:

Բայց Թակորի եւ Չարենցի գոյութիւնը, Պարոյր Սեւակի եւ Ֆրետերիք Կարսիա Լորքայի գոյութիւնը, Արակոնի եւ Էտկար Փոյի գոյութիւնը կը հաւաստեն թէ Հնդկաստանը կ՚ունենայ իր Չարենցը, մենք ալ կ՚ունենանք մեր Թակորը եւ միւսները:

—Չեմ գիտեր՝ Հա՞յն է կարեւոր թէ մարդը:

—Արդէն ջուրը թեքեցիր այլ ուղղութեամբ:

—Ես կ՚ուզէի հասկանալ թէ ձեզի համար ո՝րն է կարեւոր՝ Հա՞յը թէ Մարդը:

—Երկուքն ալ կարեւոր են:

Ու քանի որ մենք ծնած ենք հայ ու քանի որ մենք ակամայ ու պարտադրաբար դարձած ենք սփիւռք, ոչ մէկ վտանգ կայ մարդկութեան երբ շեշտենք Հայ: Մեր Հայութիւնը շեշտելով՝ մա՛րդը շեշտած կ՚ըլլանք. ահա՛ այսպէս, եթէ կ՚ուզես:

—Թերեւս:

—Ինչ թերեւս: Ոզնիի չափ ալ չկա՞ս: Երբ ոզնին տեսնէ օձը, որ եկած զինք կուլ տալ կ՚ուզէ, կը կլորուի ու կը ցցէ իր փուշերը:

Ու թող օձը համարձակի զինք կլլել: Ի՛նչ է, դուն որպէս մարդ, ի՛նչպէս կը սիրես ճառել մարդու անունէն, ու որպէս տարագիր հայ, ոզնիի՞ չափ ալ չկաս որ դիմես ինքնապաշպանութեան:

—Ազգայնամոլութիւնը չեմ սիրեր:

—Ինչո'ւ կը կարծես որ ես կը սիրեմ:

—Միշտ Մասիս երգելը բանաստեղծութիւնը չէ՛:

—Հասկցայ փորիդ ցաւը: Մասիսը չուզելն ալ մեղմ ասած