ՄԷՇԹԷԼԸ
Շատ կը սիրեմ Հալեպի Մէշթէլը: Վերջին բառս թող չշփոթեցնէ ձեզ: Հալէպի Քաղաքապետարանի հանրային պարտէզն է սա, ուր բազմագոյն ծաղիկներ կը բացուին արեւին, ուր ծղիկներու պես մանուկներ կու գան դիտելու թռչուններ ու կենդանիներ, խաղալու աւազին հետ, աւազէ տուներ, գետնուղինե կառուցանելու, շոդեկառք-շոգեկառք խաղալու, իրենց ծիծաղով թռչուններու հետ մրցումի ելլելու: Ապա սիրահար զոյգեր կու գան շոճիներու եւ նոճիներու հասկի շուքին տակ լռիկ կանգնեկու՝ անխօս խօսունութէամբ: Պատանիներ կու գան 10-14 տարեկան՝ այրած շրթներով ծխագլանիկներու շրթներ վառած ու կը թափառին զարթօնքի մըտրակի հլու ծուխ ներշնչելով մուխ արտաշնչելով:
Ինչե՜ր չեմ տեսներ այս ընդարձակ պարտէզին մէջ, որուն լճակին ու շատրուաններուն շուրջ ծերունիները որպէս սպիտակ գօտի կը բոլորիուն, իրենց ձեռքերուն մէջ համրիչ, չես գիտեր կեանքի անցեա՞լ թէ գալիք օրերը հաշուելով:
Շատ կը սիրեմ Հալեպը արժեւորող այս ընդարձակ այգիին ծառերը, ծաղիկները, ամառ-ձմեռ գարուն բուրող իր այցելու մանուկները, գողունի սիկարէթ ծխող պատանիները, նորահաս աղջիկներու ետեւէին մերթ սուլող, մերթ մեղուչ հայեացքով նայող տղաքը ու վերջապես իրենց արեւամուտը ապրող ծերունիները, որոնց հանգստավայրն է այս պարտեզը իր արեւոտ օրերուն:
Ահա՛ անոնցմէ մեկը: Զէյթունցի է: Շատ կը խօսի անցեալէն: Իր մազերուն վրայէն շատ ձմեռներ անցած են, բայց հազիւ ճերմակած է ինքը: Կարծես արծիւ մըն է միայն, բարձրութիւններու սովոր ու ծերութիւն հասկացողութիւնը իր ներկայութեան կ՝ըլլայ բացակայ:
— Դուք չէք գտնուած մեր արծուեբոյնին մէջ: Չեք տեսած մեր լեռները: Հին են մեր լեռները բայց չեն ճանչնար ո՛չ ծերութիւն եւ ո՛չ մահ:
Ես կտոր մըն եմ մեր լեոներէն: Ժայռը մըն եմ, եթէ կ՚ուզեք: Զիս գլտորեցին այստեղ: Աչքերուս նայող գիտէ թէ ես գլտորուած եմ Զեյթունի լեռներէն:
Չեմ սիրեր սեւ օրը: Բայց չեմ վախնար սեւ օրէն: Իմ սկզբունքս կ՚ուզէ՞ք իմանալ: Այդ մասին ես շատ խոսած եմ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, նորէն կը կրկնեմ: