Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/96

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Իսկ հիմա, իմ ըսելիքս ըսելէ ետք կը յայտարարեմ, դարձեալ պիտի խաբեմ ձեղ եթէ չբանաք ձեր աչքերը: Խայտառակները չեն գիտեր թե թուղթ խաղալու ժամանակ, աշխատելու ժամանակ, երբեմն նոյնիսկ քնանալու ժամանակ արթուն ըլլալ պետք է: Այս կյանքը ինծի ա՛յս սորվեցուց, ա՛յս, մի՛շտ, ա՛մէն տեղ արթուն ըլլալ:

Ո՞վ կայ ինծի դէմ խաղցող, թո՛ղ մէյտան գայ:

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻՆ

Տիգրանակերտցի է Տիգրանը, աւելի ճիշդը՝ Հայնեցի: Մշտական տոմս ունեցողի պէս ամէն օր Մէշթէլի պարտէզի նստարաններէն պահած չըլլան:

Հանգդստեան կոչուած մըն է ինքը, բայց հանգիստ ընելն ի՞նչ է չի գիտեր: Անոնցմե է, որոնք հայրենիք չեն ուզեր մեկնիլ որպես թուրիսթ: Եթե երթաամ, կ՚ըսէ, իր փոքր պեխին տակէն ժպտելով, ալ չեմ վերադառնար:

-Մարդ միայն մէկ տեղէ պէտք չէ վերադառնայ, և չի կըրնար ալ վերադառնալ անկէ, Տիգրան, – ձայն կու տայ մէկը։

— Կէս ճիշդ—կէս սխալ կը խօսիս, ես ալ գիտեմ տեղ մը կայ, ուրկէ չենք կրնար վերադառնալ. այդ գերեզմանն է. ուրիշ տեղ մըն ալ կայ: ուրկէ կրնանք վերադառնալ, բայց պետք չէ վերադառնալ, այդ ալ մեր Հայրենիքն է, Հայաստա՚նը, հիմա հասկացա՞ր:

Լռութիւն:

Երէկ տագնապած է Տիգրան, սանկ, գլուխը դարձած է քիչ մը, աշխարհը սկսած է դառնալ, ինք իր չտեսած Հիրոշիման յիշած է եղեր, թանսիոնը բարձրացած է եղեր, սիրտն ալ տեսակ մը թպրտալ սկսած է եղեր: Այս բոլորը հէչ, ամէենէն կարեւորը, ամենէն անտանելին, կինը Շամիրամը, իր յիսուն տարուան համբերութեան վերջ տուած ու պոռթկացեր է եղեր թէ՛ հերիք է, յիսուն տարի մեզ մեռցուցիր, հիմա կարազը քեզի եկած է, ճղարայէն է, ճղարայէն, հասկացա՞ր:

Այնքան խօսած է երէկ գիշեր կնիկը որ այսօր, ամբաղջվ օրը չէ ծխած Տիգրանը:

Չէ ծխած: