Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/627

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բայց, որքան ալ տակափն անձկութեան պահեր ունենանք անցընելիք, կը մօտենայ այն ժամը, որ մեր արի ազգը, որուն տառապանքները այս պատերազմին ընթացքին իրենց սոսկումով գերազանցեցին ինչ որ պատմութիւնը արձանագրած էր մինչեւ այդ ատեն, պիտի ողջունէ իր վերածնութեան արշալոյսը. այս յոյսն է, որ կը մխիթարէ զիս՝ տակափն ատեն մըն ալ Հայաստանի համար աշխատելու այս անկարոդութեան մէջ:

Հաճեցէ՛ք ընդունիլ, Տիար Նախագահ, իմ շատ բարձր մեծարանացս հաւաստիքը:

Պօղոս Նուպար

Հ. Գ. ինչպէս իմ պարտականութիւնս է, այս նամակը, ձեզի ղրկելէ առաջ, հաղորդեցի Ազգ. Պատուիրակութեան իմ պաշտօնակիցներուն, որոնք, համերաշխութեան ոգիով մը, ինծի պաշտօն կը յանձնեն յայտնելու, թէ իրենք ալ կը հրաժարին, որպէսզի Համագումարը կարենայ նոր Ազգ. Պատոփրակութիւն մը ընտրել:

Պ.Ն.

Բ. Նամակ Տիար Ա. Չօպանեանի

Փարիզ, 14 Յունիս 1920.

Վսեմ. Պ. ԳաբրիէլՆորատունկեան,

Նախագահ Հայ Ազգ. Համագումարի,

Պարոն Նախագահ,

Ազգային Պատուիրակութեան Նախագահը որոշած ըլլալով տալ իր հրաժարականը, պատիւ ուսիս յայտնել Ձեզ, որ կը միացնեմ իմ հրաժարականս իրենին:

Ընդունեցէ՛ք, Պարոն Նախագահ, մեծարանացս հաւաստիքը:

Ա. Չօպանեան


Գ. Նամակ Տիար Վ. Թէքէեանի

Փարիզ, 14 Յունիս 1920.

Վսեմաշուք Տիար Գ. Նորատունկեան, Նախագահ Ազգ. Համագումարի,

Տէր Նախագահ,

Ազգ. Պատուիրակութեան մեծանուն Նախագահին կողմէ պաքթառելի ժողովիդ մատուցուած անձնական հրաժարագրին յարակից՝ պատիւ ունիմ Ձեզ ներկայացնելու նոյն Պատուիրակութեան անդամակցութենէ հրաժարականս:

Երբ տասնեւչորս ամիս առաջ Պատուիրակութիւնը ընտրուեցաւ Համագումարէն, ո՛չ ընտրեալները եւ ո՛չ ալ ընտրողները կը խորհէին, թէ անոր պաշտօնավարոլթխնը այսքան երկարատեւ պիտի ըլլայ: Հայկական Խնդիրը դեռ այսօր իր վերջնական լուծումիս յանգած չէ, բայց Համագումարին երկրորդ նստաշրջանին ներկայիս հաւաքումը՝ իմ մասիս հնարաւոր եւ հարկ կընծայէր վերադարձնել անոր ինծի վստահած պաշտօնը՝ մեր պաշտօնավարութեան վերաբերմամբ իր դատաստանը լսելէ անմիջապէս ետք: Պատուիրակութեան Նախագահին հրաժարականը թեեւ զիս կը ստիպէ մի քանի օրով կանխել այդ որոշումս, բայց աւելորդ չեմ համարեր յայտնել, թէ կը նկատեմ ինքզինքս միշտ ենթակայ այդ դատաստանին, ըստ որում՝ կընդունիմ լիակատար պատասխանատուութիւնը Ազգ. Պատուիրակութեան բովանդակ գործունէութեան:

Մնամ ամենախորին յարգանօք

Անդամ Հայ Ազգ. Պատուիրակութեան

Վահան Թէքէեան