Էջ:Ձմեռ, Հայաստան, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԵՐԵԻԱՆ ուսանող մեր որդիէն, նամակի մը մէջ ծրարուած երկու սիրտ գտանք. տղաս կը գրէր.–Քարաշատ Հայաստանի մէջ մանուշակի մը հանդիմեդալ, սիրելի ծնողք, ի՜նչ է ձեր կարծիքը։ Պատասխանեցինք.–Կու գանք պսակի։ Կ՚օրհնենք ձեզ։ Անցնող տարուան Դեկտեմբերի վերջատրութեան ընտան- եօք Երեւան էինք։ Խնամիներ, ծանօթացում, խնճոյքի իրա- պէս առատ սեղան, պսակ, յուզումներ, բոլորն ալ հասկնալի։ Մինչեւ Յունուար ամսուան աւարտը հոն ենք։ Հալէպ-Երեւան երթուղին հանգիստ չանցանք։ Օդանաւը ճամբորդներէ աւելի խճողուած էր ապրանքներով որոնց բուրգերը առաստաղին կը հասնէին։ Վայրէջք Ստաւրոբոլ եւ ի վերջոյ Երեւան։ Շունչ մը կ՚առնենք։ Հայրենի հողին վրայ ենք։ Դուրսը՝ սաոցակալած:Գործողութիւնները կ՚ըլլան արագ, մոռնալ տալով մեզի՝ մեր նախորդ ճամբորղութիւն– ները։ Դեկտեմբերի 27-ին,կը բարձրանանք Մարգարեաններուն տունը. դրան առջեւ, նախքան շէնքին մալր դռնէն մտնելը 5