Էջ:Ձմեռ, Հայաստան, Թորոս Թորանեան.djvu/72

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վյսպ մէկտերլուելուն մէջ է։ Այս մասին եր կար չեմ գրեր։ Բոլորս յագուած էինք երբ Երեւանի Ս. Զօրւսվար եկեղեցիէն դուրս ելանք եւ ձիւներու մէջ կանգնած նկարուեցանք շնորհիւ բեմադրիչԵատուրեանի։

Քոյրս, քրոջս տղաքը, հարսերը, թոռները իրենց ուրւսխութենէն կ՚արտասուէին։ Մւսքրուհին կ՚ըսէր թէ իր կեանքին ամէնէն ուրախ օրերէն մէկը կ՚ապրի։ Երկու հայաստանցի հարս ունէր, եղաւ երեք։ 
Խնամիները նոյնպէս շատ յուզուած էին։ Անոնց ըսինք, մի նեղուիք խնամիներ, մենք ձեր աղջիկը չսւոինք, մեր տղան ձեզի տուինք, յետոյ մի մոռնաք, որ մեր Արան եւ ձեր Մանուշակը միայն իրարու հետ չէ որ պսակուեցան, այլ պսակուեցան Հւսյաստանի սիրտին վրայ, քաղաքամայր Երեւանի մէկ հնագոյն եկեղեցիին մէջ, հայրենի հողին հետ։ 
Արցունքախառն յուզմունքը վերածուեցաւ ուրախութեան յուզմունքի: 
Ձիւնը, ցուրտ չէր պւստճաոեր։ Կը ճառագայթէր։ 
Եկեղեցական պսակէն աոաջ զագսի թուղթերը դասատրեց կորովի սասունցի Պրն. Ղազարեանը, որ մեզ կըյիշէր մեր ուսանողական օրերէն։ Իր մօտ եկած էին մէկ քանի սւս– սունցիներ, որոնք նամակներ ստորագրած էին բանտարկեալ Շաոոյեանին ազատ արձակման համար։ Բանտարկութիւնը, ըստ երեւոյթին «Դրօ» խմբակին հետ կապ ունէր։ Ռ. Շւսռոյեանը բարեկամս է։ Կը յիշեմ, 1992-ին, երբ Երեւան էի, օր մը բարձրացանք Սասնոյ գիւղերը, գացինք Աշնակ։ Կ՚ամուսնանար Ռոլանդ Շաոոյեանին եղբայրը։ Գիւղը ամբողջ հոն էր. հարեւան պալատանման տունին պատին միահիւսուած էր առիւծասիրտ Գէորգ Չաւուշի կերպարը։ Կարծէք, Գէորգ Չաւուշը, այդ պատին վըայէն կ՚օրհնէր նորապսակները։ Հոն էին «Գւսրուն»ի խմբագիր Մերուժան Տէր Գուլանեանն ու կսւրգ մը աշխատակիցներ որոնցմէ մէկն ալ Ռոլանղն էր։ Իսկական սասունցիական հարսանիք, երբ գինին կը հոսէր եղջիւրներէ դարալիր։