Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Վերջապէս օրերէն օր մըե ալ Յակոբեանները եկան Հալէպ ընտանեօք։ 1995 թուականին էր, Ձմեռը։

Այդ շաբաթներուն մեր հանդիպումները ոչ միայն ամէնօրեայ՝ այլ ջերմ ալ էին։ Կարծէք մէկ ընտանիքի անդամներ ըլլայինք։

Այլապէս ալ Յակոբեանները շրջապատուած էին Հալէպի մէջ ապրող շատ մը գեղարուեստասէրներու կողմէ՝ որոնք նոյնիսկ պտոյտներ կը կազմակերպէին Յակոբեաններու համար, մերթ ուղութիւն վերցնելով դէպի սուրիական հնութիւնները, հռուվմէական քարուղիներու մնացորդները։

Այդ շաբաթները մնացին անմոռանալի, առաւել եւս երբ Յակոբեանէն որպէս նուէր ստացանք այս անգամ Գառնին ցուցադրող գեղանկար մը։

Մենք հարստացած էինք Յակոբեանի երեք գործերով՝ երբե'ք վաճառելի։

Երբ Յակոբեանը կը գտնէր իր վերջին հանգիստը այս տողերը արձանագրողը պատերազմական Հալէպէն փոխադրուած էր Պէյրութ, բազմակի պնդումովն իր աղջկան՝ Անիին։

Յակոբին կորուստը, կորուստին չափը պիտի չկարենամ նկարագրել ձեզի։ Մենք, որ երեք հոգի էինք Պէյրութեան տունի մը մէջ, ես, Անին ու իր ամուսինը էդուարդը, եթէ ըսեմ լացինք՝ շատ քիչ է։ Օրերո՛վ լացինք վարպետի կորուստին համար, ուրեմն եռակի լացինք՝ ու երեքս ալ յօդուածներով յայտնեցինք մեր կորուստին մեծութիւնը։