Էջ:Մեծ Եղեռնի նահատակներու թոռներուն մէջ կը շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ երկիր երթալն է ճիշդ, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նենայ 25 թոռ ու մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը աջ ու ահեակ կը պատմէ Վահանին տուած պիսքուիթին պատմութիւնը։ Ու Յարութիւն լմնցուց Ցակոբին պատմութիւնը, իր ըսածնե¬ րուն վրայ աւելցնելով.– Հօրեղբայրս՝ մարաշցի Յակոբը հայոց հոլոքոսթէն մազապուրծ փրկուելով Պէյրութէն գաղթեց Միացեալ Նահանգներ։ Հիմա հոն ո՞վ պիտի ուրախանար իր վեց զաւակնե¬ րով Ել 25 թոռներով, ով ջարդէ մը այլ ջարդի ենթարկուած էր։ Առաջինէն որքան ալ վայրագ փրկուած էր, երկրորդին մէջ՝ սիրալիր, մահուընէ ազատիլ անհնար էր որպէս հայ ու մարաշցի։ Գացէք լուծեցէք այս հարցը, եթէ կրնաք։ Գիտական նոր մեքենաներու յանձնած Են այս հարցը, մեքենա– ները չաթ, չաթ, չաթ կոտրուած Եւ փշուր-փշուր եղած են։ Մեղք մեքենաներուն... Կոտորածը վերջ գտաւ։ Թուրքը պարտուեցաւ։ Միթէ պարտը– ւեցա՞ւ։ Պատկերին ցոյց տուածը այդ չէ՞։ Տարին 1918-ն է։ Ֆրանսական Եւ անգլիական բանակները աք¬ ցանի մէջ առած Են թրքական «անպարտելի» բանակին ասկէրնե– րը։ Փախուստ, փախուստ, փախուստ, թուրքին Արարայէն փա¬ խուստը հայ կամաւորներու գրոհին առջեւ։ Այս ճակատումին ընթացքին հայը զոհ տուած է 21 երիտա¬ սարդ։ Ֆրանք եւ բրիտանացի զինուորական բարձրաստիճան ղեկա¬ վարներ կը գովեն հայ կամաւորները եւ զանոնք կը կոչեն փոքր դաշնակից։ Կիլիկիան ձերը պիտի ըլլայ հայեր, վերադարձէք տուն։ հնչպէս տարագրութեան շրջանին մեռնելով քալած էին, հիմա ներշնչեալ, յաղթողներու նման կը դառնան տուն, դպրոց ու փլած եկեղեցի, բնակարան կը վերակառուցուին։ Խանդավառութիւն։ Բայց շուտով նոր գաղթ։ Թուրք բանակէն տասնապետ մը՝ Մուսթաֆա ՔԵմալ կրցած էր խաբել թէ7 ԼԵնինը, թԵ Արեւմուտքը։ Ո՜չ, անոնք խաբուիլ ուգած էին ի շահ իրենց ու ի մեծագոյն վնաս հայ ժողովուրդին։ հսկ խաբուած հայերը գրեթէ մինչեւ այսօր Արեւմուտքի սրի¬ կաներէն կը մուրան, որ ճանչցուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն փաստաթուղթերը բերնէ բերան լեցուն Են այդ պետութիւն– ներու արխիւային դարակներուն մէջ։ Եթէ Սիամանթօ հայ բանաստեղծը կրցաւ գոռալ «Արդարու–

                             15