Էջ:Մեծ Եղեռնի նահատակներու թոռներուն մէջ կը շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ երկիր երթալն է ճիշդ, Թորոս Թորանեան.djvu/7

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

2015 թուականի Յունիսի առաջին օրերուն Պէյրութի մէջ ամւս– ռը իր դերը կատարելու սկսած էր։ Տխուր առիթով մը գացած էի Կիլիկիոյ հւսյոց մայրավանքը՝ ցաւակցութիւն յայտնելու բարեկամի մը կորուստին համար։ Եկեղեցական արարողութիւններէ ետք մարդիկ խումբ-խումբ հաւաքուած կը զրուցէին իրարու հետ, հակառակ օրուան ջեր¬ մաստիճանը բարձը ըլլալուն։ Կ՚աճապարէի հասնիլ Հայկազեան Համալսարան՝ ժամադրու¬ թիւն մը յարգելու համար։ Փողոց դուրս ելայ կառք մը կանգնեցնելու յոյսով։ Անցնող բոլոր կառքերու վարիչները գլխու ժխտական շարժումով կ՚աճապա¬ րէին հեռանալ։ Ստիպուած վերադարձայ մայրավանքին բակը՝ գտնելու հա¬ մար մէկը, որ զիս հասցնէր Արեւմտեան Պէյրութ։ Դժուար հարց մը լուծել կ՚աշխատիս, ըսաւ վանքին պահակը, որ անուանակիցս էր։ Բայց հարցը լուծելը դժուար չեղաւ։ Բանալին Հալէպն էր։ Ձոյգ մը տղամարդիկ Հալէպի մասին կը խօսէին։ Հալէպ բառը լսելով մօտեցայ անոնց Ել Հալէպէն եկած ըլլալս յայտնեցի։ Հասկնալի դարձաւ անմիջապէս, որ ներկաները վաղեմի Հա– լէպ ապրած հայեր Են ու կ՚աւաղեն այդ հայօրէն շէն քաղաքին փլուզումը։ Երբ միացայ անոնց խօսքին, յայտնի դարձաւ թէ անոնցմէ մէ¬ կը մօտիկ Եղած է իմ ծանօթներէս շատերուն։ Աճապարեցի յայտնել խօսակիցիս, որ կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիմ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ։ Նոր խօսակիցս.– «Քանի բազում հասարակաց ծանօթներ ու– նինք, քիչ մըն ալ խօսինք, կրնանք ազգականներ եղած ըլլալ։ Ու– րեմն, որպէս գտնուելիք ազգական, պատրաստ Եմ ձեզ տանելու ձեր ուզած հասցէին»։

                         7