Էջ:Նոր Մարաշ, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԽՕՍՔ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ Հայը իր պատմութեան տառապալից շրջանները յաղթահարած է միշտ հաւատարիմ մնալով իր լեզուին, մշակոյթին եւ աւանդոյթներուն։ Նորանկախ Սուրիական հայրենիքին մէջ, 1946-ին, խումբ մը մարաշցի երիտասարդներ ստեղծեցին «Նոր Մարաշ» պարբերականը, նշանաբան ունենալով՝ «Կերտել ընթերցասէր սերունդ մը, արձագանգը ըլլալ մարաշ– ցիութեան զգացումներուն՝ հանդէպ իր հայրենակիցներուն, միութեան եւ հայրենիքին»։ Մեր մշակոյթն ու աւանդոյթները պահպանելու, հայօրէն գոյատեւելու հրամայականը ունենալով, տարիներ ետք, ոչ նուազ կարեւոր մտահոգու– թիւններէ մղուած, դարձեալ հրատարակեցինք «Նոր Մարաշ»ը։ Ակօսը բացուած էր, մեզի կը մնար աշխատանքը շարունակել համաշ– խարհայնացման ճնշող այս մթնոլորտին մէջ։ «Հայ Մարդը» կերտելու հրամայականը մեզի կը ստիպէ Մեսրոպաշունչ գիր ու գրականութեան ջահը միշտ անշէջ պահել նոր սերունդին տեսա- դաշտին մէջ։ Ահաւասիկ, այսօր ձեզի ներկայացուող սոյն հատորը միաձուլումն է հին «Նոր Մարաշ»ի եւ նորին, ինչպէս նաեւ Միութեան վերջին տարիներուն տարած հրատարակչական գործունէութեան, ուսումնասիրուած եւ գրի առնուած երախտաշատ գրող, հասարակական գործիչ Բժ. Թորոս Թորան- եանին կողմէ, որ մշտապէս քաջալեր հանդիսացած է Միութեանս բոլոր իրագործումներուն։ Այս հրատարակութեամբ կու գանք հաստատել մեր վաղեմի ուխտը՝ օրինակ հանդիսանալ նոր սերունդին, որպէսզի մեզի փոխանցուած հրատարակչական աւանդը շարունակուի։ Մենք յանձնառու ենք։ Մենք գիտակցաբար, նաեւ պատրաստակա– մութեամբ կը կրենք մեր պատասխանատուութիւնը։ Վստահ ենք, արգասաբեր աշխատանքը կու տայ իր բարի պտուղները։

Մարաշի Հայրենակցական Միաթիւն Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութիւն